Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործերու նախարար Զպիկնեւ Ռաուի հետ հանդիպումէն յետոյ կատարուած յայտարարութեան ժամանակ նշեց, որ իրենց քննարկման օրակարգին եղած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր:
«Գործընկերոջս մանրամասներ ներկայացրեցի Փառուխ գիւղ Ադրբեջանի զինուած ուժերի ներխուժման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ: Քննարկեցինք Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտում տիրող իրավիճակին վերաբերող խնդիրները», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան:
Միրզոյեան ու Ռաու քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու լայն շրջանակ, ԵԱՀԿ-ի մէջ լեհական նախագահութեան առաջնահերութիւններուն եւ հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր:
ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը իր գործընկերոջը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն առանց նախապայմաններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ զարգացումները: