image

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նոր հնարաւորութիւն բացուած է. Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նոր հնարաւորութիւն բացուած է. Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր յայտարարած է, որ Անգարան անվերապահօրէն կ'աջակցի ատրպէյճանական բանակի կողմէ «տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու օրինական քայլերուն»։

Ան նշած է, որ այժմ նոր հնարաւորութիւն բացուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար։

«Մենք կ'ակնկալենք, որ Հայաստանը եւս այդ մէկը կը գիտակցի եւ կը գործէ։ Յոյսով ենք, որ հնարաւորինս արագ կը յաջողուի հասնիլ համապարփակ կարգաւորման՝ յանուն տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարգաւաճման», -ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը: