image

Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարները հանդիպած են

Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի  ԱԳ նախարարները հանդիպած են

Մայիս 12-ին Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած էլ Հայաստանի, Ռուսոյ ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարնեու հանդիպումը:

Քննարկուած է 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ստանձնած յանձնառութիւններուն կատարման ընթացքը:

Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններւ եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ստեղծման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանագրին վերաբերեալ:

Նախարար Միրզոյեանը վերահաստատած է հայկական կողմին դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման շրջանակներուն մէջ արցախահայութեան անվտանգութեան, իրաւունքներու եւ ազատութիւններու երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ ԼՂ կարգավիճակին վերաբերեալ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է նաեւ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներու շուտափոյթ լուծման կարեւորութիւնը, այդ շարքին՝ հայ ռազմագերիներու անյապաղ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը: