Հայաստանի մէջ այսօր մեկնարկած է «ԱՐԾԻՒ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ-2025» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւնը։ Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդմամբ, զօրավարժութիւնները պիտի կայացուին օգոստոս 12-20-ը՝ Միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ մասնակցութեան նախապատրաստման շրջածիրէն ներս։
Զօրավարժութեան բացման արարողութեան ներկայ եղած են պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, ԶՈՒ ԳՇ պետ, զօրավար-լեյտենանտ Էդուարդ Ասրեանը, ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քուինը, բարձրաստիճան զինուորականներ եւ հիւրեր:
Զօրավարժութեան ներգրաւուած են ՀՀ ԶՈՒ խաղաղապահ զօրագունդի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու եւ Քանզասի ազգային պահակագունդի զինծառայողները:
Զօրավարժութիւնը կ՚ենթադրէ խաղաղապահ առաջադրանքներու նախապատրաստում եւ իրականացում՝ բժշկական տարհանման ընթացակարգերու շեշտադրմամբ:
Զօրավարժութեան նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւններու շրջածիրէն ներս, իրականացնել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցման լաւագոյն փորձի փոխանակում, ինչպէս նաեւ բարձրացնել ՀՀ ԶՈՒ խաղաղապահ ստորաբաժանման պատրաստուածութիւնը:
Խաղաղապահ առաքելութիւններու նախապատրաստութեան շրջածիրէն ներս միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններու համար նախապատրաստուող ստորաբաժանումները պարբերաբար կը մասնակցին նմանօրինակ համատեղ զօրավարժութիւններու եւ վարժանքներու գործընկեր երկիրներու մէջ: