Աշխատաշուկային մէջ այսօր աշխատուժի պակասութեան խնդիր ունինք, եւ պատմականօրէն նուազագոյն աստիճանի հասած է գործազրկութիւնը։ Կառավարութեան 1 դեկետմերի նիստին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Մասնաւոր հատուածից ահազանգեր ենք ստանում, որ աշխատող գտնելու պրոբլեմ (խնդիր) ունեն»,–ըսած է Փաշինեանը։
ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանն ալ ի պատասխան յայտնեց, որ 2022-ի առաջին եռամսեակին գործազրկութեան մակարդակը կազմած է 14.8 տոկոս` նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազելով 1.9 տոկոսով։
«Այս պահի դրութեամբ Միասնական սոցիալական ծառայութիւնը 3260 թափուր աշխատատեղ է հաւաքագրել, իսկ վիճակագրական կոմիտէի տուեալներով` 9800 թափուր աշխատատեղ կայ։ Ունենք նաեւ 50 400 գրանցուած գործազուրկ, որը 2021թ. համեմատ նուազել է 8000-ով»,– ըսաւ նախարարը։
Մկրտչեանը յայտնեց նաեւ, որ առաջիկայ 3 տարիներուն գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան, մեծածախ եւ մանրածախ առեւտուրի, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, փոխադրումներու եւ առողջապահական սպասարկման ոլորտներուն մէջ աշխատակիցներու կարիք պիտի ըլլայ։