image

Հայաստանի մէջ ձիւն պիտի տեղայ

Հայաստանի մէջ ձիւն պիտի տեղայ

Արեւմուտքէն աշխուժ ցիկլոնի ներթափանցմամբ պայմանաւորուած՝ նոյեմբեր 20-ի կէսօրէն ետք եւ 21-ի գիշերը շրջաններու մեծ մասի մէջ կը սպասուին տեղումներ, առանձին հատուածներու մէջ՝ զօրաւոր: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան Հիտրոօդերեւութաբանութեան եւ մոնիթորինկի կեդրոնի տնօրէնի տեղակալ Գագիկ Սուրէնեանը:

Շիրակի, Լոռիի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի, Կոտայքի եւ Վայոց ձորի լեռնային գօտիներուն մէջ կը սպասուի ձիւն, առանձին հատուածներու մէջ՝ նաեւ բուք: