Երեւանի մէջ յուլիս 24-26-ը, 29-ին երեկոյեան ժամերուն քաղաքի առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ Յուլիս 27-ին եւ 28-ին, 29-ի գիշերը ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, քաղաքի առանձին հատուածներու մէջ՝ յորդառատ։
Կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում՝ ամպրոպի ժամանակ՝ 20-25մ/վ, երեկոյեան ժամերուն՝ 17-20մ/վ արագութեամբ։
Մարզերու մէջ յուլիս 24-ի եւ 29-ի ցերեկը, 25-ին եւ 26-ին գիշերը եւ կէսօրէն ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ Յուլիս 27-ին եւ 28-ին, 29-ի գիշերը ժամանակ առ ժամանակ շրջաններու զգալի մասին կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ՝ յորդառատ, հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։
Քամին՝ հիւսիսարեւելեան՝ 2-5մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում` 18-23մ/վ արագութեամբ: Երեկոյեան ժամերուն Արմաւիրի, Կոտայքի եւ Արագածոտնի նախալեռներուն մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 17-20մ/վ արագութեամբ։
Օդի ջերմաստիճանը 28-ին եւ 29-ին աստիճանաբար պիտի նուազի 6-8 աստիճանով։