Հայաստանը ընթացիկ 2024-2025 թուականներուն ֆինանսական տարուան սկիզբի դրութեամբ գնած է հնդկական արտադրութեան 600 միլիոն տոլարի սպառազինութիւն:
Այս մասին X-ի իր էջին յայտնած է հնդկական IADN լրատուականը՝ յղում ընելով Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն։
Հայաստանը 2021 թուականէն սկսած Հնդկաստանէն ձեռք կը բերէ հրթիռներ, հրետանային համակարգեր, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ այլ զինատեսակներ։