image

Հայաստանի ապագան կրթութիւնն է․ Փաշինեանը՝ ստեղծուելիք Ակադեմիական քաղաքի մասին

Հայաստանի ապագան կրթութիւնն է․ Փաշինեանը՝ ստեղծուելիք Ակադեմիական քաղաքի մասին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղիղ եթերի ժամանակ մանրամասներ ներկայացուցած է ստեղծուելիք ակադեմիական քաղաքի մասին։

Տարածքը, ուր պէտք է կառուցուի քաղաքը, կը գտնուի Վահագնի թաղամասի հարեւանութեամբ՝ Երեւանէն ոչ շատ հեռու Պռոշեան բնակավայրի եւ Աշտարակ համայնքի միջնամասը։

Ըստ Փաշինեանի՝ քաղաքի տարածքը պէտք է սկիզբ առնէ Հայֆիլմ -ի տարածքէն, ուր պէտք է ստեղծուի արուեստներու խումբը՝ իր աւագ դպրոցով եւ արուեստներու համալսարանով։ Իսկ Աշտարակի բնագիտութեան հիմնարկին մէջ պիտի ունենանք արհեստագիտական խումբերը, ըսած է Փաշինեան։

«Հայաստանի ապագան կրթութիւնն է, տեխնոլոգիաներինն (արհեստագիտութիւն) է։ Այս տարածքն է, որտեղ պէտք է կառուցուի Հայաստանի ապագան, եւ ասել եմ, որ ապագայ կայ»,-ըսած է ՀՀ վարչապետը։