image

Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման համար ՀԱՊԿ-ին այլընտրանք չկայ․ Կալուզին

Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման համար ՀԱՊԿ-ին այլընտրանք չկայ․ Կալուզին

Ուաշինկթընն ու Պրիւքսէլը հսկայական ճնշում կը գործադրեն յետխորհրդային երկիրներու վրայ՝ փորձելով սահմանափակել Ռուսիոյ հետ փոխգործակցութիւնը։ Այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։ Անոր խօսքով՝ ատոր լաւագոյն օրինակը Ուքրանիան է։

Կալուզին անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն։ «Անկեղծօրէն բարձր կը գնահատենք Հայաստանի հետ կապերը, կ՚աշխատինք ատոնք կառուցել փոխադարձ յարգանքի վրայ եւ փոխշահաւէտ ձեւով»,-ըսած է ռուս դիւանագէտը, կարծիք յայտնելով, թէ Արեւմուտքը, հակառակը, կը փորձէ «օգտագործել Հայաստանը որպէս Ռուսիոյ եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներու դէմ խառնածին պատերազմի գործիք»։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը խօսած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի մասին, նշած՝ որ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման համար գործուն այլընտրանքային այլ մեխանիզմ չկայ։

«ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն Երեւանի լիարժէք մասնակցութիւնը կը համապատասխանէ հայ ժողովուրդի իղձերուն, կը ծառայէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին»,- նշած է դիւանագէտը։