Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Էտուարտ Ասրեան Հայաստանի անվտանգային միջավայրը ներկայ դրութեամբ յարաբերական կայուն գնահատած է: Այս մասին Ասրեան ըսած է 9 մայիսին լրագրողներու հետ զրոյցին:
«Անվտանգութիւնը սանդղակով չի գնահատւում: Անվտանգութիւնը իրադրութեամբ է գնահատւում, կայունութեամբ: Ներկայ դրութեամբ գնահատում եմ յարաբերական կայուն»,-ըսած է ան:
Ան ընդգծած է, որ իրավիճակը կը հսկուի զինուած ուժերու բոլոր ստորաբաժանումներու կողմէ:
ԳՇ պետի խօսքով՝ ռազմական անվտանգութեան ապահովման համար պաշտպանական գերատեսչութեան իրականացնող բոլոր քայլերը կը համապատասխանեն իրականութեան, համապատասխան աշխատանքներ կ'ընթանան: «Այո՛, շատ դժուար է, սակայն ձգտելու ենք հասնել այդ իրականութեանը»,- հաւաստիացուցած է ան: