image
Հրատապ լուրեր:

TRIPP-ի մէջ որեւէ այլ պետութեան անվտանգային ներկայութիւն պիտի չըլլայ. Սարգիս Խանդանեան

TRIPP-ի մէջ որեւէ այլ պետութեան անվտանգային ներկայութիւն պիտի չըլլայ. Սարգիս Խանդանեան

Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու Սարգիս Խանդանեան յայտարարած է, որ TRIPP-ը ենթակառուցուածքային նախագիծ է, ոչ թէ տարածք կամ ռազմակայան, եւ անոր ծիրէն ներս որեւէ այլ պետութեան անվտանգային ներկայութիւն նախատեսուած չէ։

 

Խանդանեան այս մասին ըսած է Ազգային ժողովին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին։

«Շատ խօսուեց TRIPP-ի մասին, եւ ես երէկ հարցուպատասխանի ընթացքում մի քանի անգամ այս միտքն ասացի։ Ուզում եմ եւս մէկ անգամ կրկնել, որ TRIPP-ը ենթակառուցուածքային նախագիծ է։ Երէկուայ քննարկման եւ յատկապէս «Հայաստան» դաշինքի կողմից հնչած հարցերի համատեքստն այնպիսին էր, որ TRIPP-ը Լաչինի միջանցքի նման մի բան է, բայց դա այդպէս չէ։ Այդ մասին վկայում են TRIPP-ի վերաբերեալ մինչ օրս հրապարակուած բոլոր փաստաթղթերը, ինչպէս նաեւ համաձայնագիրը, որը խորհրդարանը կը քննարկի»,– ըսած է Խանդանեան։

Ան ընդգծած է, որ TRIPP-ը նաեւ ինքնիշխան ռազմակայան չէ։

«Ընդհանրապէս, TRIPP-ում որեւէ այլ պետութեան անվտանգային ներկայութիւն չի լինելու։ Ինչպէս համաձայնագիրն է փաստում, անվտանգային ամբողջ գործառոյթը վերապահուած է Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան մարմիններին»,– յայտարարած է Խանդանեան։

Պատգամաւորը նաեւ անդրադարձած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացին՝ նշելով, որ այն արդէն սկսած է, թէեւ տակաւին ոչ բաւարար ծաւալով։

«Հայաստանն արդէն մի քանի ամիս օգտւում է Ադրբեջանի երկաթուղիներից, նաեւ հանուել է Ախալքալաք–Կարս երկաթուղուց օգտուելու արգելքը։ Սրանք եւս լայն ապաշրջափակման գործընթացի դետալներ են»,– ըսած է Խանդանեան։