image

Հայաստանի 57,8 տոկոսը դէմ է Փաշինեանի գործունէութեան

Հայաստանի  57,8  տոկոսը դէմ է Փաշինեանի գործունէութեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գործունէութեան հաւանութիւն տուած է հարցուածներու 38%-ը, հաւանութիւն չէ տուած 57,8%-ը:

Ինչպես նշած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ն, այս մասին ըսուած է Gallup International Association-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան՝ MPG-ի կատարած ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն մէջ: 

Հարցման համաձայն՝ հարցուածներու 23,2%-ը նշած է, որ միանշանակ հաւանութիւն կու տայ վարչապետի գործունէութեան, 14,8%-ը աւելի շատ հաւանութիւն կու տայ, 23,1%-ը աւելի շատ հաւանութիւն չի տար, իսկ 34,7%-ը ընդհանրապէս հաւանութիւն չի տար, 4,2%-ը դժուարացած է պատասխանել։

Հարցուածներու 35,7%-ը միանշանակ եւ աւելի շատ հաւանութիւն կու տայ խորհրդարանի գործունէութեան, 57,9%-ը՝ աւելի շատ, կամ ընդհանրապէս հաւանութիւն չի տար, 42%-ը դրական կը վերաբերի կառավարութեան գործունէութեան, իսկ 50,8%-ը՝ բացասական։

Միաժամանակ հանրապետութեան տնտեսական վիճակը «շատ լաւ» գնահատած է հարցուածներու 3,4, «լաւ»՝ 9,2, «միջին»՝ 53,9, «վատ»՝ 13,6, «շատ վատ»՝ 19,2%-ը, 0,7%-ը դժուարացած է պատասխանել։

Հեռախօսային հարցումը կայացած է 2022 թուականի դեկտեմբեր 5-10-ը: Անոր մասնակցած է Հայաստանի 1100 բնակիչ։ Վիճակագրական սխալը կազմած է 3%։