image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175 ամեակին նուիրուած Յուշամատեանը` անգլերէն լեզուով

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175 ամեակին նուիրուած Յուշամատեանը`  անգլերէն  լեզուով

Մեր պաշտօնակից՝ «Պայքար»էն կը կարդանք 

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Հայ Քրիստոնէական Ժառանգութեան Յանձնախումբի ջանքերով, Անգլերէն լեզւով, հրատարակուեցաւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175 ամեակին նուիրուած Յուշամատեանը` ՙՅուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ՚, աշխատասիրութեամբ եւ խմբագրութեամբ` Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի:

Առաջին անգամ Յուշամատեանը լոյս տեսաւ, Երեւանի մէջ, Հայաստան, 2021 թուին, Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175 ամեակին առիթով, սակայն համաճարակի պատճառաւ միջոցառումները յետաձգուեցան եւ տեղի ունեցաւ այս տարի, 1-10 Յուլիս 2022.

Յուշամատեանը Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ նորագոյն պատմութիւնն է: Խմբագրին` Վեր. Թութիկեանի խօսքերով. ՙԱն Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն դրուագները համայնապատկերային ձեւով կը ներկայացնէ, օգտագործելով կարեւոր առաջնակարգ եւ երկրորդական աղբիւրներ՚:

175 ամեակի նուիրուած Յուշամատեանը կը բաղկանայ երեք մասերէ` Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ համառօտ պատմութիւնը, Եկեղեցական Միութիւնները, Կազմակերպութիւնները եւ Յաւելուած:

Առաջին մասը կը բաղկանայ վեց գլուխներէ եւ 85 էջերէ, ուր Վեր. Թութիկեան Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ հակիրճ պատմութիւնը կը ներկայացնէ` ինչպէս անոր ծագումը, վերելքը, Եկեղեցական Միութիւնները, Աւետարանչական եւ Բարեգործական Կազմակերպութիւնները, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը, Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնները, աստուածաբանութիւնը եւ ՀԱԵ նպաստներն ու ներդրումները Հայ ազգին:

Երկրորդ բաժինը կը բաղկանայ ութը գլուխներէ եւ 158 էջերէ: Այս բաժինը կը վերաբերի ՀԱԵ Միութիւններու եւ Կազմակերպութիւններու պատմութեան: Այս Միութիւնները կը համախմբուին Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի հովանիին տակ:

Ներկայիս, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը կազմըւած է հետեւեալ հինգ Եկեղեցական Միութիւններէ եւ երկու Աւետարանչական/Բարեսիրական կազմակերպութիւններէ` Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն, Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Եւրասիայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցի, Ամերիկայի Հայ Աւետարանաչական Ընկերակցութիւն եւ Ստեփան Փիլիպոսեան Հիմնարկութիւն:

Վերոյիշեալ իւրաքանչիւր Միութիւնները եւ Կազմակերպութիւնները մանրակրկիտ ձեւով ուսումնասիրուած է Յուշամատեանին մէջ: Ներկայի եւ անցեալի պատմութիւնը միաձուլուած են եւ ներկայացուած  այնպիսի ձեւով, որպէս զի այս հատորը վերածուի բացառիկ աղբիւրի մը: 

Երրորդ բաժինը Յաւելուածն է, ուր յիշուած է Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադիր քառասուն անդամները եւ 1850 թուականի Սուլթան Ապտուլ Մէճիտի հրամանագրի Անգլերէն թարգմանութիւնը, ուր Օսմանեան կայսրութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Աւետարանական Եկեղեցին:

Յուշամատեանը աշխարհի տարբեր կողմերէ ներդրումներ կատարողներու սիրոյ աշխատանք մըն է, ներառեալ ՀԱՀԱ Միութեան Հայ Քրիստոնէական Ժառանգութեան Յանձնախումբի անդամները որոնք ձեռնարկեցին  հրատարակութեան աշխատանքը եւ աջակցեցան թարգմանութեան: 

Իրօք, շնորհակալութեան եւ գնահատանքի արժանի են բոլոր անոնք որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս Յուշամատեանին` յօդուածներ ներկայացնելով, սրբագրութիւններով, խմբագրութիւններով եւ տպագրական աշխատանքով:

Մեր սրտագին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան որ Յուշամատեանի հրատարակութեան ամբողջ ծախսը ստանձնեց:

Վերջապէս, յատուկ շնորհակալութիւն Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանին իր խորաթափանց գիտելիքներուն եւ նուիրական ծառայութիւններուն, նման հարուստ աղբիւր մը աշխատասիրելուն եւ խմբագրելուն համար, յատկապէս բոլոր անոնց համար որոնք կը փափաքին ալ աւելիով ծանօթանալ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ:  

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175 Ամեակին առթիւ հրատարակուած` ՙՅուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ՚ հատորը կարելի է ձեռք բերել Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութենէն (AEUNA) 411 East Acacia Avenue, Suite 200, Glendale, CA 91205-0922 կամ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութենէն (AMAA) 31 West Century Road, Paramus, N.J. 07652

 Վեր. Սերոբ  Ճ. Մկրտիչեան