image

Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեան յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Վիեննայի մէջ. Վահան Յունանեան

Հայաստան-Թուրքիա  բանակցութեան  յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Վիեննայի մէջ. Վահան Յունանեան

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներուն յաջորդ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Վիեննայի մէջ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը:

Յունանեան մեկնաբանած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները՝ հանդիպումը Հայաստանի կամ Թուրքիոյ մէջ կայացնելու ցանկութեան եւ համարձակ քայլերու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:  

ԱԳՆ մամուլի քարտուղարը յայտնած է, որ Հայաստանը Թուրքիոյ առաջարկած է բանալ ցամաքային սահմանը դիւանագիտական անձնագրեր կրող անձերու համար, սակայն թրքական կողմը կը յապաղի:

Յունանեան նշած է, որ կողմերուն միջեւ կայ նախնական ըմբռնում, որ յաջորդ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Վիեննայի մէջ: Հանդիպման ժամկէտի եւ վայրի վերջնական երբ հաստատուի հանրութիւնը պատշաճ կերպով պիտի տեղեկացուի:

Մատնանշելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին այն խօսքը, թէ իրենք կը փափաքէին, որ հանդիպումը ըլլար Հայաստանի կամ Թուրքիոյ մէջ, ԱԳՆ մամուլի քարտուղարը ըսած է, որ կարգաւորման նախորդ փորձերուն ժամանակ հանդիպումներ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ եղած են թէ՛ բանակցողներու, թէ՛ նոյնիսկ նախագահներու մակարդակով, բայց անոնք արդիւնքի չեն յանգեցուցած: «Կարեւորը կարգաւորման հասնելու քաղաքական կամքն է եւ յստակ` առարկայական քայլերի գնալու պատրաստակամութիւնը: Մենք ցուցաբերում ենք երկուսն էլ, եւ նոյնն ակնկալում ենք Թուրքիայից: Եթէ կամքը լինի, հանդիպումների վայրը կը դառնայ զուտ տեխնիկական հարց»:

Չաւուշօղլուն նշած է նաեւ, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ համարձակ քայլերու անհրաժեշտութեան մասին: Այս խօսքին ի պատասխան Յունանեան ըսած է, որ հՀայկական կողմը լիովին համամիտ է համարձակ քայլեր կատարելու անհրաժեշտութեան հետ: «Մենք բազմիցս ցոյց ենք տուել առաջ շարժուելու պատրաստակամութիւնը, այդ թւում` Անթալիայի դիւանգիտական ֆորումին ԱԳ նախարարի մասնակցութեամբ, տնտեսական արգելքի վերացմամբ: Հայաստանի ու Թուրքիայի միջեւ թռիչքների վերականգնումը նոյնպէս երկկողմ կարեւոր քայլ էր»:

Յունանեան նշեց, որ յառաջ շարժելու միակ ճանապարհը կ'ենթադրէ շարունակական յստակ քայլեր: «Օրինակ` մենք թրքական կողմին առաջարկել ենք առաջին փուլով բացել ցամաքային սահմանը դիւանագիտական անձնագրեր կրող անձանց համար, սակայն թուրքական կողմը յապաղում է: Կարծում ենք` սա փոքր, բայց առարկայական, կարեւորը` տրամաբանական քայլ կը լինի: Յոյս ունենք` հնարաւոր կը լինի այս հարցում հասնել արդիւնքի»: