Ոչ միայն Ռուսիան, այլեւ Հայաստանը պատրաստ է, որ ՀԱՊԿ դիտորդները տեղակայուին այստեղ։ Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` անդրադառնալով ՀՀ սահմաններուն ՀԱՊԿ–ի դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու հարցին։
«Մենք մեր մտահոգութիւնների սահմանը գծել ենք, եւ, ըստ էութեան, մեր մտահոգութիւնը կամ մեր ցանկութիւնը, մեր մղումն այն է, որ հնարաւոր առաքելութիւնը լինի արդիւնաւէտ։ Սա կարեւոր է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ ՀԱՊԿ–ի, ե՛ւ տարածաշրջանի համար։ Եւ մենք այդ ուղղութեամբ շարունակում ենք քննարկումները»,–ըսած է ՀՀ վարչապետը։
Փաշինեանը, համեմատական տանելով ՀԱՊԿ–ի եւ ԵՄ–ի միջեւ, նշած է, որ ԵՄ–ի առաքելութիւնը ՀԱՊԿ–ի հետ նոյն հարթութեան մէջ դնելը կարելի չէ։
«Եկէք ՀԱՊԿ–ը եւ Եւրամիութիւնը իրարից տարբերենք։ ՀԱՊԿ–ը ունի անվտանգային պարտաւորութիւններ Հայաստանի նկատմամբ, ՀՀ–ն էլ ունի պարտաւորութիւններ, որը 2022 թուականին Ղազախստանի դէպքերի ժամանակ իրականացրել է»,–ըսած է Փաշինեան։
Հետեւաբար, ըստ վարչապետի, ՀՀ–ի ակնկալիքները ՀԱՊԿ–էն պէտք է շատ աւելին ըլլան, քան ԵՄ–էն։