image

Հայաստան կրկին չի մասնակցիր ՀԱՊԿ զօրավարժութիւններուն

Հայաստան կրկին չի մասնակցիր ՀԱՊԿ զօրավարժութիւններուն

Օգոստոս 14-էն 16-ը Նովոսիպիրսքի մէջ տեղի պիտի ունենան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) «Քոպալթ-2024» զօրավարժութիւնները, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը։

Միջոցառման մասնակիցներու շարքին են Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Տաճիկստանի եւ Ղրղզստանի ներկայացուցիչները։ Հայաստանը պիտի չմասնակցի զօրավարժութիւններուն։

Զօրավարժութիւններու մասնակիցները փորձի փոխանակում պիտի կատարեն եւ պիտի բարելաւեն յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու միջեւ փոխգործակցութեան հմտութիւնները։ ՀԱՊԿ արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու մաս կազմող ստորաբաժանումները գործնական հմտութիւններ պիտի ստանան անօրինական զինուած խմբաւորումներու որոնման, յայտնաբերման եւ ոչնչացման համատեղ գործողութիւններուն գծով։ Օգտագործելով օդուժ եւ անօդաչու սարքեր՝ յատուկջոկատայինները պիտի փորձեն գրոհել շէնքերը եւ մեքենաները, ազատել պատանդները եւ վնասազերծել գրոհայինները։