Օգոստոս 14-էն 16-ը Նովոսիպիրսքի մէջ տեղի պիտի ունենան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) «Քոպալթ-2024» զօրավարժութիւնները, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը։
Միջոցառման մասնակիցներու շարքին են Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Տաճիկստանի եւ Ղրղզստանի ներկայացուցիչները։ Հայաստանը պիտի չմասնակցի զօրավարժութիւններուն։
Զօրավարժութիւններու մասնակիցները փորձի փոխանակում պիտի կատարեն եւ պիտի բարելաւեն յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու միջեւ փոխգործակցութեան հմտութիւնները։ ՀԱՊԿ արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու մաս կազմող ստորաբաժանումները գործնական հմտութիւններ պիտի ստանան անօրինական զինուած խմբաւորումներու որոնման, յայտնաբերման եւ ոչնչացման համատեղ գործողութիւններուն գծով։