ՀՀ–ն 2-րդ անգամ անընդմէջ ընտրուած է Եունեսքօ-ի Ընդհանուր համաժողովի նստաշրջանի փոխնախագահ։
Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեան։
Յիշենք, որ աւելի վաղ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ելոյթ ունեցած է Եունեսքօ-ի ընդհանուր համաժողովի 42-րդ նստաշրջանին եւ անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղ մնացած մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան վանդալութենէ եւ թալանէն պաշտպանութեան։
Անի Բադալեան նաեւ նշած է, որ Եունեսքօ-ի Ընդհանուր համաժողովի նստաշրջանի նախորդ ընտրութիւնները կայացած էին 2021-ին։
Ամփոփելով նախորդ շաբթուան Եունեսքօ-ի մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեամբ կայացած կարեւոր միջոցառումները` Բադալեան նշած է, որ նախարար Միրզոյեան համաժողովի շրջանակին մէջ հանդիպած է Եունեսքօ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէի հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացման, պղծման կամ իւրացման հիմնաւոր վտանգներու առնչութեամբ՝ ընդգծելով մշակութային յուշարձաններու պահպանութեան մէջ Եունեսքօ-ի գործուն ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը։