image

Հայաշունչ Այնճարը՝ ուշադրութեան կեդրոն

Հայաշունչ Այնճարը՝ ուշադրութեան կեդրոն

Լիբանանի մէջ առկայ  տագնապալի դրութիւնը կը սպառնայ նաեւ երկրի հայութեան։ 

Այս առումով եւ համահայկական կտրուածքով առաջ կը քաշուի բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, որոնց նպատակն է՝ օժանդակութեան ձեռք մեկնել բարդ օրերէ անցնող հայկական գաղութին։

Օրերս ուշագրաւ նախաձեռնութիւն մը մարմին սկսաւ ստանալ Երեւանի մէջ, երբ բնիկ մուսալեռցիներ, ի մի գալով, դրամահաւաք մը կազմակերպեցին՝ յօգուտ Այնճարի։

Մեկնաբան Սագօ Արեան, իր այսօրուայ հաղորդումով կը կարեւորէ Այնճարի դերը ու նաեւ կը ներկայացնէ հայկական աւանին իւրայատկութիւնները։

Նոյն ծիրէն ներս ան կը խօսի այդ նախաձեռնութեան մասին՝ յիշեցնելով, որ հայութեան համար Այնճար գիւղաւանը կը շարունակէ մնալ առանցքային դեր եւ տեղ ունեցող հայկական իսկական օճախ։

Մնացեալը՝ հաղորդման մէջ։