image

«ՀայաՔուէ» նախաձեռնութեան կողմնակիցները բողոքի ցոյց կատարեցին

 «ՀայաՔուէ» նախաձեռնութեան կողմնակիցները բողոքի ցոյց կատարեցին

«ՀայաՔուէ» նախաձեռնութեան կողմնակիցները բողոքի ցոյց կատարած են Ազգային ժողովի շէնքի մօտ։

Անոնք պահանջած են, որ Ազգային ժողովը ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի յանձնումը քրէականացնող օրինագիծը, որ, միաժամանակ ցոյցի ընթացքին, կը քննարկուէր պետական-իրաւական հարցերիու յանձնաժողովի կողմէ։

«Հայաքուէ» նախաձեռնութիւնը առաջարկած է  Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացումներու նախագիծ, ըստ որու քրէօրէն պատժելի արարքներ կ՚որակուին Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն հրաժարիլը կամ ատոր վտանգաւորութիւնը նսեմացնելը ու ՀՀ անունով Արցախն այլ պետութեան կազմի մէջ ճանչնալը։