«Առաջին ուսումնական տարին ցոյց տուաւ ունկնդիրներու մեծ հետաքրքրութիւն հայերուս եւ Հայաստանի նկատմամբ»: Այս մասին ըսած է Լիոնի կաթոլիկ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ, Վեր. Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան Aravot.am-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:
- Սոյն թուականի Ապրիլին աւարտեցաւ 2021-2022 ուսումնական տարին։ Ինչպէ՞ս էր այն։
Առաջին ուսումնական տարին տեւեց 2021-ի Սեպտեմբերէն մինչեւ 2022-ի Ապրիլ։ Այդ ընթացքին մենք ունեցանք 21 մշտական ուսանող եւ ազատ ունկնդիր, որու 1/3-ը ծագումով հայ էր, իսկ 2/3՝ ֆրանսացի։
Պէտք է առանց չափազանցութեան նշեմ, որ այն անցաւ գերազանց, քանի որ ունկնդիրները ունէին մեծ հետաքրքրութիւն Հայաստանի եւ հայերու նկատմամբ, նաեւ կային այնպիսիներ, որոնք ունէին բաւականաչափ տեղեկութիւններ։ Չեմ թաքցներ, որ մեծ թիւով ունկնդիրներ մինչեւ դասընթացի սկիզբը տեղեկութիւն չունէին նիւթին մասին, սակայն գրեթէ մէկ տարուայ այս դասընթացէն ետք անոր մասնակիցներուն հետ ամփոփեցինք արդիւնքները։ Ունկնդիրները մեծամասնութեամբ փոխանակեցին իրենց կարծիքները, եւ պարզուեցաւ, որ շատերը պատրաստ են մասնակցելու նաեւ գալիք տարուայ դասընթացներուն, աւելին՝ յուսով եմ, որ կը ներգրաւենք նաեւ նոր մասնակիցներ։
Դասընթացի Հայութեան ընդհանուր պատմութիւնը ներառած է մեր ազգի ծագման օրերէն սկսեալ մինչեւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը, բացի անկէ, բաւական մասնագիտացուած ձեւով խօսուած է Կիլիկիոյ Թագաւորութեան մասին, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ վերջին հարիւր տարուայ Հայոց Հանրապետութիւններու մասին։
Ուստի, ունկնդիրները շատ տպաւորուած էին, որ չնայած բոլոր արհաւիրքներուն, հայերը այսօր ալ կան։
Առանձին բաժինով տրուեցաւ «Քրիստոնէութիւնը եւ հայերը» նիւթը, ըլլայ այդ պատմական, կամ աստուածաբանական առումով։ Հպարտութեամբ պէտք է նշեմ նաեւ, որ մենք հիւրընկալեցինք փրոֆեսոր՝ Քլոտ Մութաֆեանը, որ նշանաւոր մաթեմատիկոս եւ պատմաբան է, նաեւ մէկը, որ խորացած է Կիլիկիոյ պատմութեան եւ Ղարաբաղի հարցին մէջ։
Նոյնը կը վերաբերի փրոֆեսոր՝ Քլէր Մուրատեանին, որ պատմաբան է. երկու հոգեւորական դասախօսութիւններ ունեցան համապատասխանաբար Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ՝ Անդրանիկ քհն․Մալճեան եւ Յովսէփ եպս․Քելեքեան՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մասին։ Հասկնալի է, որ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ աստուածաբանութիւնը դասաւանդեցի ինքս․․․:
– Այն, որ ձեր գլխաւորած ամպիոնի ունկնդիրները այդքան մեծ հետաքրքրութիւն ունին դէպի մեզի՝ հայերուս նկատմամբ, արդեօք չի՞ բացատրուիր, ի թիւս այլ պատճառներու, նաեւ ֆրանսացի ժողովուրդի եւ պետութեան դարաւոր դրական կեցուածքով հայ ազգի նկատմամբ:
Անշու՛շտ։
– Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլան գալիք ուսումնական տարուայ հիմնական թեմաները։
Խնդիրը այն է, որ անցեալ ուսումնական տարին մենք արագօրէն անցանք հայերու ծագման հարցը, սակայն այս տարի պէտք է խորանանք անոր մանրամասնութիւններուն մէջ։
Միւս թեման է «Հայկական արուեստը եւ ճարտարապետութիւնը»։
Նաեւ պէտք է խօսինք երկու կարեւոր դէմքերու մասին՝ Ներսէս Շնորհալիի եւ Գրիգոր Նարեկացիի։
Այս բոլորին գումարելով մխիթարեաններու պատմութիւնը եւ առաքելութիւնը։
Դասախօսութիւն կարդալու պիտի հրաւիրենք նաեւ պր. Տիգրան Եկաւեանը, որ վերջերս հրատարակած է «Հայաստանի ներկայիս աշխարհաքաղաքական իրավիճակը» գիրքը։ Ինչո՞ւ ցանկացայ, որ այս ըլլայ,որպէսզի մարդիկ չկարծեն, որ միայն մեր պատմութիւնը հետաքրքիր է։
Մէկ խօսքով, ասոնք են նախնական թեմաները գալիք ուսումնական տարուայ համար։
– Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այսօրուայ ֆրանսահայ համայնքը։
Ինչպէս տարիներ առաջ իմ գրքին մէջ, որ նուիրուած է ֆրանսական հասարակութեան մէջ օտարազգի համայնքներու համարկման (integration), ես նշած էի, եւ որուն համաձայնեցան ինչպէ՛ս հայերը, այնպէ՛ս ալ ֆրանսացիները, որ ամէնէն լաւ համարկողները, կամ օրինակելիները հայերն են․․․։ Սա, անշուշտ, լաւ է, սակայն միւս կողմէ մեր հայկական ինքնութիւնը պահելը՝ եւ այդ պէտք է, այսպէս ասած, համագործակցին․․․
1980-ականներու սկիզբները Միջին Արեւելքէն եւ վերջին 30 տարուայ ընթացքին Հայաստանէն Ֆրանսա տեղափոխուած ընտանիքները, սակայն, նոր ուժ, նոր արիւն տուին ֆրանսահայ համայնքին։ Եւ մեր համայնքը տարբեր յաջող ծրագիրներու շնորհիւ կարողացաւ լաւագոյնս ներկայացնել Հայ Դատը թէ՛ ֆրանսացի ժողովուրդին, եւ թէ՛ երկրի քաղաքական վերնախաւին եւ իշխանութիւններուն, որու հետեւանքով Ֆրանսան 2001-ին ո՛չ միայն ճանաչեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ ընդունեց այն որպէս օրէնք։
Աւելցնե՛մ, որ հայ համայնքը պէտք է ջանք թափէ, որ ա՛լ աւելի կազմակերպուած բնոյթ ստանան ընկերային, մշակութային եւ կրթական աշխատանքները։
Ինչ կը վերաբերի մեր կապի մասին Հայաստանի հետ, ֆրանսահայ համայնքը երբեք անտարբեր չէ եղած անոր նկատմամբ եւ թէ ինչ տեղի կ'ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, եւ տեւական ցանկացած է ամրապնդել կապերը իրենց հետ։
Նշենք, որ Վեր. Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան ծնած եւ կրթութիւնը ստացած է Ֆրանսա մէջ: Համալսարանական վկայականներ ստացած է ընկերաբանական եւ կրթական բնագաւառներու մէջ։ Ունի նաեւ աստուածաբանութեան դոկտորի տիտղոս։
Ծառայած է քսան տարի իբր հոգեւոր հովիւ Ֆրանսայի, ապա տասնեօթ տարի՝ Հայաստան եւ Արցախի մէջ, եւ երրորդ շրջանը՝ Եւրասիոյ երկիրներու Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ։ Ներկայիս Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչն է Եւրասիոյ մօտ։
1990-ականներուն ծառայած է, որպէս Ֆրանսայի մօտ ՀՀ դեսպանութեան գրասենեակի վարիչ, Հայաստանի մէջ՝ նախագահի աշխատակազմի խորհրդական եւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական։