Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Ատրպէյճանին ստիպեց 16,000 եուրօ վճարել 2016ին սպաննուած երեք հայ զինուորներուն հարազատներուն: Ատրպէյճան նաեւ պարտաւորուեցաւ վճարել 2780 եուրօ՝ ծախսերու եւ հարկերու համար:
Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը հրապարակած է «Նարայեանը եւ միւսները ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործով վճիռը։ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) որոշմամբ՝ խախտուած է Պայմանադրութեան 2-րդ յօդուածը (կեանքի իրաւունք)՝ կապուած զինուորներ Էտկար Նարայեանի եւ Էրիկ Աբովեանի մահուան, ինչպէս նաեւ անոնց մահուան հանգամանքներու որեւէ քննութեան բացակայութեան վերաբերեալ։
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) արձանագրած է, որ Պայմանադրութեան 13-րդ յօդուածին (արդիւնաւէտ պաշտպանութեան իրաւունք) համապատասխան քննելու անհրաժեշտութիւն չկայ, Պայմանադրութեան 14-րդ յօդուածին (խտրականութեան արգելք) համապատասխան քննելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Բացի անկէ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) որոշմամբ՝ Ատրպէյճանը պարտաւոր է Պայմանադրութեան 44-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին համաձայն դատարանի վճիռը օրինական ուժի մէջ մտնելու օրուընէ յետոյ երեք ամսուայ ընթացքին դիմողներուն վճարել 16 հազար եւրօ իւրաքանչիւր դիմումի համար, գումարած որեւէ հարկ, որ կրնայ գանձուիլ ոչ-նիւթական վնասի համար, 2780 եւրօ իւրաքանչիւր յայտի համար, որոնք պէտք է համատեղ վճարուին համապատասխան դիմորդներուն, գումարած որեւէ հարկ, որ կրնայ գանձուիլ անոնցմէ՝ կապուած ծախսերուն հետ։
Դիմումատուները Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու զինուորներու հարազատներն են։
Գործը կը վերաբերէ ատրպէյճանցի զինուոր Չինկիզ Կուրպանովի կողմէ հայ զինուորներ սպաննելուն:
Դիմում կատարողները Հայաստանի տասը քաղաքացիներ են, որոնք ծնած են 1959-1998 թուականներուն եւ կը բնակին Երեւանի եւ Ստեփանաւանի մէջ:
Անոնք ծնողները եւ/կամ քոյրերն են Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուու զինուորներ Էդգար Նարայեանի, Էրիկ Աբովեանի եւ Շաւարշ Մելիքեանի, որոնք 29 Դեկտեմբեր 2016ին սպաննուեցան Բիթլիսի մարտական դիրքի մերձակայքը ծառայութիւն կատարելու ընթացքին, Հայաստանի Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղին մէջ:
Փաստին առթիւ Հայաստանի քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան մէջ, 29 Դեկտեմբեր 2016ին յարուցուեցաւ քրէական գործ մը: Նոյն օրը քննիչը հետախուզեց դէպքին վայրը եւ կազմեց արձանագրութիւն: Հետաքննութեան ընթացքին գտնուեցան յաւելեալ ապացոյցներ, մասնաւորաբար` վկաներու ցուցմունքներ եւ դատաբժշկական եզրակացութիւններ:
Այդ ապացոյցներուն հիման վրայ, Հայաստանի քննչական մարմինները պարզեցին, որ նշեալ օրուան առաւօտուն, Ատրպէյճանի բանակի զինուորներ Չինգիզ Կուրպանով հատած է Հայաստանի տարածքի սահմանը, ուղղուած դէպի Բիթլիս եւ կրակած երեք զինուորներուն վրայ:
Հիմնուելով 2 (կեանքի իրաւունք), 13 (արդիւնաւէտ պաշտպանութեան իրաւունք) եւ 14 (արգիլում) յօդուածներուն վրայ (խտրականութիւն)՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտին, դիմում կատարողները բողոքեցին, որ իրենց հարազատները սպաննուած են` նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակ զինուած բախում չէր եղած, եւ որ անոնք խտրականութեան ենթարկուած են իրենց ցեղային եւ ազգային պատկանելութեան պատճառով, նաեւ Ատրպէյճան ձախողեցաւ սպանութիւններուն արդիւնաւէտ հետաքննութիւն իրականացնել: