«Արեւելք» Երեւան.- Արցախի մէջ ստեղծուած տագնապին, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացին եւ մասնաւորաբար Հայաստանի իշխանութիւններու անհասկնալի կեցուաքներուն առընթեր քիչ առաջ բողոքի հաւաք մը ընթացք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ:
Նշենք որ այս բողոքի հաւաքը կազմակերպուած է Հայաստանի ՀՅԴ, ինչպէս նաեւ ՀՀԿ կուսակցութեանց երիտասարդական թեւերուն կողմէ:
Բողոքի հաւաքը ընթացք առաւ յատուկ խօսքերով, իսկ խօսք առնողները անդրադարձան այսօր տիրող իրավիճակին, նշելով, որ Հայաստանի իշխանութիւններու կեցուածքը ընդհանրապէս մերժելի է հայ ժողովուրդին համար եւ հայ ժողովուրդը չի պատրաստուիր ծունկի գալ Թուրքիոյ առաջ: Խօսողները նաեւ շեշտը դրին տեղի ունեցող թաքուն պահուող բանակցութիւններու մասին նշելով նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնը չի գործեր եւ չի վարուիր համահունչ հայ ժողովուրդի շահերուն: