image
Հրատապ լուրեր:

«Հայ ժողովուրդը չի պատրաստուիր ծունկի գալ թուրքին առջեւ». Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի հաւաք

«Հայ ժողովուրդը չի պատրաստուիր ծունկի գալ թուրքին առջեւ». Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի հաւաք

«Արեւելք» Երեւան.- Արցախի մէջ ստեղծուած տագնապին, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացին եւ մասնաւորաբար Հայաստանի իշխանութիւններու անհասկնալի կեցուաքներուն առընթեր քիչ առաջ բողոքի հաւաք մը ընթացք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ:

Նշենք որ այս բողոքի հաւաքը կազմակերպուած է Հայաստանի ՀՅԴ, ինչպէս նաեւ ՀՀԿ կուսակցութեանց երիտասարդական թեւերուն կողմէ: 

Բողոքի հաւաքը ընթացք առաւ յատուկ խօսքերով, իսկ խօսք առնողները անդրադարձան այսօր տիրող իրավիճակին, նշելով, որ Հայաստանի իշխանութիւններու կեցուածքը ընդհանրապէս մերժելի է հայ ժողովուրդին համար եւ հայ ժողովուրդը չի պատրաստուիր ծունկի գալ  Թուրքիոյ առաջ: Խօսողները նաեւ շեշտը դրին տեղի ունեցող թաքուն պահուող բանակցութիւններու մասին նշելով նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնը չի գործեր եւ չի վարուիր համահունչ հայ ժողովուրդի շահերուն: