ՄԱԿ–ի մէջ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքին նշած է, որ հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւնները Ռուսաստանը գոհունակութեամբ ընդունած է։
«Հանդիպումը Մոսկուայի մէջ իրականացնելը անակնալ չէ։ Թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ Հայաստանը մեր լաւ գործընկերներն են։ Մենք կ'աջակցինք տարածաշրջանային ցանցերու ընդլայնման։ Գործընթացը շատ զգայուն է, կողմերը ունին վստահութեան պակաս եւ պէտք է զայն յաղթահարել։ Հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումէն ամբողջ աշխարհը օգուտ պիտի ստանայ», ըսած է Տմիթրի Փոլիանսքին։