image

Հայ- Թրքական սահմանային անցակէտի շինարարութիւնը մօտ է աւարտին

Հայ- Թրքական սահմանային անցակէտի  շինարարութիւնը մօտ է  աւարտին

ՀՀ Արմաւիրի մարզի «Մարգարա» մաքսային կէտի շինարարական աշխատանքները կը մօտենան աւարտին։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ պետեկամուտներու կոմիտէն`պատասխանելով Sputnik Արմենիայի գրաւոր հարցման։

«Նախագծանախահաշուային փաստաթղթերով նախատեսուած շինարարական աշխատանքները մօտենում են աւարտին։ Կառուցուել են մաքսային հսկողութեան եւ վերահսկողութեան գործառոյթների կատարման համար անհրաժեշտ շէնքերը եւ շինութիւնները», - պատասխանած են կոմիտէէն։

Նշուած է նաեւ, որ այս պահուն կ՚իրականացուին ներքին յարդարման, ճարտարապետական հաղորդակցութեան միջոցներու կառուցման եւ բարեկարգման աշխատանքները: