image
Հրատապ լուրեր:

Հայ-թրքական հիմնական բանակցութիւնները՝ գարնան

Հայ-թրքական հիմնական բանակցութիւնները՝ գարնան

Թրքական Gazetevatan պարբերականը անդրադարձած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ  Թուրքիոյ հետ խնդիրներ ունեցող 3 երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմային:

Պարբերականը նշած է, որ Թուրքիան լուրջ քայլեր պիտի ընէ կարգաւորելու յարաբերութիւնները Իսրայէլի, Հայաստանի եւ ԱՄԷ–ի հետ:

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ կապուած Gazetevatan–ը գրած է, որ Վիեննայի մէջ Փետրուար 24-ին տեղի ունենալիք երկկողմ հանդիպումէն յետոյ հիմնական բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան գարնան Երեւանի եւ Սթամպուլի մէջ: