Թրքական Gazetevatan պարբերականը անդրադարձած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ Թուրքիոյ հետ խնդիրներ ունեցող 3 երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմային:
Պարբերականը նշած է, որ Թուրքիան լուրջ քայլեր պիտի ընէ կարգաւորելու յարաբերութիւնները Իսրայէլի, Հայաստանի եւ ԱՄԷ–ի հետ:
Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ կապուած Gazetevatan–ը գրած է, որ Վիեննայի մէջ Փետրուար 24-ին տեղի ունենալիք երկկողմ հանդիպումէն յետոյ հիմնական բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան գարնան Երեւանի եւ Սթամպուլի մէջ: