image

«Հայ քաղաքական գործիչները ուշացած են» Լափշինէն կարեւոր դիտարկում

«Հայ քաղաքական գործիչները ուշացած են» Լափշինէն կարեւոր դիտարկում

Հաւանաբար շուտով, դանդաղօրէն, պիտի սկսիք ինձ ատել հայկական սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ՝ որպէս պետութեան հանդէպ մշտական քննադատութեան համար։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է ռուս եւ իսրայէլցի յայտնի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը:

Լափշինի գրառումը հայերէն թարգմանութեամբ՝ ստորեւ.

«Բայց ճշմարտութիւնն աւելի թանկ է, եւ ես թքած ունիմ բազմոցներուն նստած եւ համացանցի մէջ բղաւողներու վրայ, դուք  գիտէք, թէ ուր է անոնց տեղը:

Հայերը կը դժգոհին, որ աշխարհը թքած ունի Արցախի վրայ, համաշխարհային լրատուամիջոցները անոր մասին չեն գրեր, իսկ Եւրոպայի ու ԱՄՆ-ի քաղաքական գործիչները կը սահմանափակուին դատարկ բանաձեւերով։ Ճիշդ է: Բայց գիտէ՞ք ինչու այդպէս է։ Դուք էք մեղաւոր, որ ձեզ ոչ ոք լուրջ կ'ընդունի: Ես ձեզի իրական օրինակ բերեմ:

Հայ քաղաքական գործիչներն ու դիւանագէտները եւրոպական եւ իսրայէլեան ԶԼՄ-ներու հետ կապելու իմ բոլոր փորձերը աւարտեցան անյաջողութեամբ, քանի որ հայերը չշփուեցան լրագրողներու հետ, ուշացան պայմանաւորուած հանդիպումներէն կամ պարզապէս չպատասխանեցին լրագրողներու եւ հասարակական գործիչներու զանգերուն ու նամակներուն։

Նման մեկնաբանութիւններ լսած եմ Հայաստանի իմ բազմաթիւ օտարազգի ընկերներէն։ Կատարեալ անպատասխանատւութիւն եւ մանկականութիւն՝ այն օրերուն, երբ 120 հազար համաքաղաքացիներ շրջափակման մէջ են:

Միւս կողմէ՝ ողջ ֆէյսպուքը լի է ցաւալի գրառումներով, որ բոլոր լրատուամիջոցները կը գրեն միայն Ուքրանիոյ մասին, բայց մոռցած են Արցախի մասին։ Բայց ուքրանացիները շատ զօրաւոր են թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ տեղեկատուական հարթութիւններու վրայ։ Եթէ ուքրանացիներուն չեն պատասխաներ, նորէն ու նորէն կը յիշեցնեն իրենց մասին, կը գոռան, կ'ամչցնեն Եւրոպան ու Ամերիկան ոչ բաւարար աջակցութեան համար։ Անոնք չեն նստիր բազմոցին ու դժգոհիր, որ իրենց բոլորը չեն սիրեր։

Կը կարծէք՝ անոնց կ'աջակցին ուքրանացի ժողովուրդի հանդէպ սիրոյ համա՞ր: Անոնք կ'ուզէին թքել Ուքրանիոյ վրայ, ինչպէս Արցախի ու Հայաստանի, Սուտանի, Սիրիոյ կամ Փաքիստանի քրիստոնեաներու վրայ։ Բայց ուքրանացիները գիտեն՝ ինչպէս գրագէտ ներկայանալ ու ստիպել անոնց ընել այն, ինչ իրենց պէտք է։

Իսկ դուք չէք կրնար: Այնպէս որ ողջ աշխարհը մեղադրելու կարիք չկայ, պէտք է ճակատագիրը վերցնէք ձեր ձեռքն ու աշխատիք»։