image
Հրատապ լուրեր:

«Հանրութեան ծառայելը իւրաքանչիւր հայ կնոջ պարտաւորութիւնն է». Սոնա Եագուպեան

«Հանրութեան ծառայելը իւրաքանչիւր հայ կնոջ պարտաւորութիւնն  է». Սոնա Եագուպեան

Ներկայ էինք ՀԲԸՄ ՙՀայ Կին՚ կազմակերպութեան կողմից Հայաստանում ստեղծուած ՙՅղի կանանց կեդրոններ՚ի հիմնադրման 20-ամեակի նշման հանդիսութեանը:

Յուզիչ է ինքնին Հայաստանի յղի կանանց օգտակար լինելու գաղափարը, որն իր մէջ ընդգրկում է հայրենասիրութեան բազմիմաստ դրսեւորում: Այստեղ մեծ է դերը եւ տեսլականը նրա հիմնադիր, կազմակերպութեան ատենապետուհի Սոնա Եագուպեանի:

 Սոնայի հետ ունեցել էինք համագործակցութիւններ ՙՀայ Կին՚ կազմակերպութեան որոշ աշխատանքներում, մեր զրոյցներում քըննարկել էինք առօրեայ հարցեր, ստացել էինք նրանից երաժշտական գրականութեան նուիրատուութիւններ, մենք մեզ ծանօթացրել էինք իրար: Ու ամէն անգամ կիսատ էր մնացել խօսակցութիւնը, եւ այսօր կարծես շարունակում ենք այն: 

Այցելութիւնից առաջ, թերթատեցինք Սոնայի հօրը` բազմավաստակ մտաւորականին նուիրուած ՙՕննիկ Սարգիսեանի... Հետքերով՚ (կազմող` Լ. Սիւլահեան) հատորը: Շռայլ արժեւորումների մէջ իւրայատուկ էր Օննիկ Սարգիսեանի գործելաոճին տրուած հետեւեալ բնութագիրը` ՙներքին մղումի մը հզօր ճնշումով՚ (Մ. Արսլանեան, էջ 553):

 Այն փոխանցուել իր դուստր Սոնային` ներքին մղումով զգալ գործի կարեւորութինը: 

 

Ի՞նչ կը պատմէք որպէս գործունեայ կին կազմաւորուելու ձեր ընթացքի եւ որպէս արդիւնք` ՙՀայ կին՚ կազմակերպութեան եւ ՙՅղի կանանց կենտրոն՚ների ստեղծման մասին:

- Շատ փոքր տարիքէս նշմարած եմ, թէ կիները միշտ երկրորդական դիրքի վրայ գտնուած են, մանաւանդ որ աշխարհի չորս կողմերէն յաճախ մեր տուն կու գային հիւրեր` գրողներ, նկարիչներ, երաժիշտներ, ազգային գործիչներ: Ուշադրութիւն կ՛ընէի, որ իրենց կիները խելոք-խելոք կը նստէին: Կը մտածէի. ՙՏարօրինակ է, այս կիները ըսելիք մը չունի՞ն, կարծես դայեակ մը` իրենց ամուսիններուն, կը հետեւէին եւ կ՛ուրախանային, երբ իրենց ամուսինը գովուէր՚: Ու մէջս կը խմորուէր գաղափար մը որպէս կին` ներդրում ունենալ կեանքի մէջ:

 Արդէն ամուսնացած էի: 90-ական թուականներուն 4 տարի անընդմէջ Վահէին հետ կը մեկնէինք  Հայաստան, եւ ան` իր հետ սրտի փականներ (valve) տանելով, սրտի կամաւոր գործողութիւններ կ՛ընէր Համլէտ Թամազեանի ղեկավարած Միքայէլեան ինստիտուտ-հիւանդանոցին մէջ: Անոր կինը` Անժելան, որ կանանց մասնագէտ բժշկուհի էր, զիս տարաւ Երեւանի գլխաւոր հիւանդանոցներէն մէկու մը կանանց բաժանմունքը այցելութեան: Բնաւ չեմ մոռնար յղի կիներուն վիճակը` սնունդի պակաս, վարակներ, հոգեկան ընկճուածութիւն, խղճալի պատկեր մը: Կնոջ համար ասիկա կեանքի ամէնէն կարեւոր շրջանն է, բայց եւ այնպէս երեւոյթը տխուր էր: Վերադարձիս Լոս Անճելըս, անհրաժեշտ համարեցի ձեռք մեկնելու, եւ ՙՀայ Կին՚ի վարչութեան համաձայնութեամբ 2002ին բացուեցաւ առաջին ՙՅղի կանանց կեդրոն՚ը Գիւմրիի մէջ: Իսկ այսօր արդէն ունինք 7 կեդրոններ Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ, նաեւ ութերորդը Ստեփանակերտի մէջ, որ կը վայելէ Արտակ Բեգլարեանի մասնաւոր ուշադրութիւնը:

 

Ինչպիսի՞ ծառայութիւններ էք մատուցում այս կեդրոնների միջոցով:

- Յղի կանանց ծառայութիւններու այս կեդրոնները ստեղծուած են աւելի հասարակութեան զարգացման ընդհանուր օրինաչափութիւններու (սոցիոլոգիական) սկզբունքներու հիման վրայ, որ կ՛ընդգրկէ կնոջ կեանքի շատ մը ոլորտները` սնունդ, առողջական վիճակ, ինչպէս խնամել մայրը եւ նորածինը: Յետոյ կ՛աւելնան ընտանիքի անդամներուն միջեւ յարաբերութիւններու կանոնաւորումը, մայրերու իրենց իրաւունքներուն տիրանալը: Իւրաքանչիւր կեդրոն ունի իր բժիշկը, բուժքոյրը, կառավարիչը: Որեւէ պարագայի, ծրագիրի մասնակիցներու պահանջքով, անոնք կրնան հանդիպում ունենալ մասնագէտներու հետ, ինչպէս` բժիշկ, մարզանքի ուսուցիչ, սննդաբան, հոգեբան, փաստաբան: Վարչական պատասխանատուները գրեթէ ամբողջութեամբ Երեւանի պետական համալսարանէն շրջանաւարտներ են: Իսկ այս բոլոր կառոյցը կը վայելէ ընդհանուր հսկողութիւնը արժանաւոր մասնագէտ, սոցիոլոգ Լիւդմիլա Յարութիւնեանի, մշեցի, որուն հետ մեր բարեկամութիւնը սկսած է 1994էն ի վեր:

 

Ինչպէ՞ս էք ապահովում ձեր աշխատանքներին անհրաժեշտ նիւթական աջակցութիւնները:

- Նախ եւ առաջ պէտք է ըսել, որ մեր ծրագիրը վստահութիւն շահած է, քանի որ յատկացուած դրամը  հասած է իր շիտակ տեղը (4 տարբեր տեղեր ստուգումներէ անցնելէ ետք): Բնաւ չենք դիմած մեծահարուստներու: Ինքնաբաւ անհատներ ցանկութիւն յայտնած են օգտակար ըլլալու մեր կեդրոններուն իրենց կրցածին չափով` ըլլայ կեդրոնը հիմնելու իրենց անունով, ըլլայ տարեկան օժանդակութիւններով: Այս ձեւով ստեղծուեցաւ նոր խաւ մը, դասակարգ մը, ընդհանրապէս կանայք, որ բաւարարուած զգացին, երբ իրենց ներդրած լուման լուծեց հարցեր: Կիները դարձան նուիրատուներ: Բացի նիւթականէն, այստեղէն կը ղրկենք դեղորայք, համակարգիչներ, հագուստեղէն, խաղալիքներ եւ զանազան այլ անհրաժեշտ առարկաներ:

 

Ունէ՞ք ներգրաւուածութիւն այլ հասարակական աշխատանքներում:

- Ի զուր չէին իմ ցանկութիւնները` որպէս կին ներդրում ունենալ մեր կեանքին մէջ: Կ՛ուզեմ անդրադառնալ յատկապէս Լոս Անճելըսի իմ գործունէութեանը. եղած եմ ՀԲԸՄ Տիկնանց միութեան անդամ, ապա կազմած եմ միութեան ՙՀայ Կին՚ վարչութիւնը: Երկար տարիներ նախագահած եմ տեղւոյս Հայկական բժշկական միութեան Կանանց բաժինը, միեւնոյն ժամանակ մաս կազմած եմ Ամերիկեան բժշկական միութեան Կանանց բաժինին (4րդ շրջանի) եւ նաեւ վարած եմ ատենապետութեան պաշտօնը: Քաղաքական հետապնդումներու հետաքրքրութիւններով տարուած` անդամակցած եմ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային կոնգրեսի (NCWA) նախապատրաստական աշխատանքներուն 206էն սկսեալ, որ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ 2011ին, Սեւրի Մխիթարեան միաբանութեան կեդրոնէն ներս, ուր ընտրուեցայ կոնգրէսի 3 փոխնախագահներէն մին, մինչ օրս: Պէտք է ըսել, որ բաւականին աշխատանքներ տարաւ այս կազմակերպութիւնը, մինչեւ իսկ Տաւութօղլիին հետ տեսակցութեան ժամադրութիւն ունենալով: 2015ի մեր ժողովին մասնակցեցան Քիւրտիստանէն մարդիկ` ներողութիւն խնդրելով մեզմէ, թէ իրենք այդ ամէն վայրագութիւնները մեր հանդէպ կատարած են թուրքերու ցուցմունքներով: 

 

Լինելով ուղղախօս, որ միութենական աշխատանքների ընթացքում կարող է խոչընդոտներ առաջացնել, ինչպէ՞ս կարողացաք այդ սկզբունքով գործել:

- Եթէ ուղղախօսութիւնս վնաս պիտի հասցնէ գործին, պէտք է լռել: Սակայն ընդհանրապէս կ՛արտայայտուիմ` ՙօշականեան հայերէնովս՚ (կը պարտիմ մելգոնեանցի ծնողներուս կրթութեանը), թերութիւնները մէջտեղ կը բերեմ: Մայրս մեծ դեր ունէր իմ` կանանց իրաւունքները պաշտպանողի հանգամանքը ունենալուս:

 

Որպէս կին, ունէք լրիւ ընտանեկան կազմ` բժիշկ ամուսին եւ բարձրագոյն կրթութեամբ 3 զաւակներ: Ինչպէ՞ս  էք ՙղեկավարում՚ այս ոլորտը:

- Ինծի համար առաջին կարգին կու գայ ընտանիքին հանգիստը ապահովելը, իսկ իմ անձնական հետաքրքրութիւնները գործի վերածելը կը կատարուի աւելորդ ճիգով եւ ջանքով: 1992էն ի վեր, մինչեւ օրս, կը վարեմ ամուսնուս բժշկական գրասենեակի բոլոր թղթային գործերը: Իսկ անոր պատասխանատու մասնագիտութեան` սրտի վիրաբոյժ ըլլալու հանգամանքը միշտ զիս զգօն պահած է. իւրաքանչիւր վիրահատութեան ընթացքին միտքի թելերով կապուած կ՛ըլլայի անոր հետ, մինչեւ բարեյաջող աւարտը: Զաւակներս` Ստեփանը եւ Շահանը դարձեալ բժիշկներ են, իսկ դուստրս Թալինը` փաստաբանուհի: Ամուսնացած են, կան թոռնիկներ, ու այս մեծ խումբին կատարեալ հաճոյքով կը մատակարարեմ իմ պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ` խոհանոցիս յատուկ ճաշերը:

 

1950ականներին ձեր հայրը` Օննիկ Սարգիսեանը, լինելով ճանաչուած մտաւորական, ՙՇիրակ՚ ամսագրի երկարամեայ խմբագիր, եզակի դեր է խաղացել Սփիւռք-հայրենիք կապերի ընդլայնման եւ զարգացման մէջ: Ձեր գործունէութեամբ, հաւատալով հայի կապին մայր հողի հետ, կարելի՞ է այս ծրագիրը ինչ որ տեղ ձեր մէջ բոյն դրած հայրենասիրութեան շարունակութիւնը համարել:

- Հօրս մահուընէ ետք պարտաւորւթիւն զգացի մասնակցիլ ազգային գործերու: Թէ՛ հայրս, թէ՛ ես, մենք մեզ չենք արժեւորած որպէս կարեւոր մարդիկ: Իմ աշխատանքները կ՛ընեմ, քանի որ կ՛ուզեմ ընել: Ես նոյնիսկ անհանգիստ կը զգամ ուշադրութիւնէ: Սակայն, օրինակ` 2013ին Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանէն, ՙՀայ Կին՚ի 20ամեակին առիթով անակնկալօրէն ստացայ ՙՆերսէս Շնորհալի՚ մետալ, թերեւս գնահատելու համար կատարուած աշխատանքները, որոնք պիտի շարունակուին, քանի կայ անոնց կարիքը: Կրնաք կոչել հայրենասիրութիւն կամ պարտաւորութիւն` հայու արիւն ունենալուս համար:

 

ՀԲԸՄ ՙՀայ Կին՚ն ընդհանուր աջակցութիւն է ցուցաբերում կանանց` որպէս հայկական մշակութային ժառանգութեան կրողների հզօրացմանը: Կարո՞ղ ենք ասել, որ ձեր միութինը, ներգրաւած լինելով բաւականին երիտասարդ անդամուհիներ, հարթել է ճանապարհը, որպէսզի նրանք շարունակեն ձեր աշխատանքները:

- 21րդ դարու նոր սերունդը համալսարանական է, եւ պիտի չգոհանայ միայն տնային հոգերով եւ նոյնիսկ միայն իր մասնագիտական աշխատանքով: Հանրութեան ծառայելը իւրաքանչիւր հայ կնոջ պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ, եւ ահա մենք պատրաստած ենք ասպարէզ մը, որ շարունակելի է, եւ միշտ կրնայ նորանալ եւ զարգանալ: Կրնամ ըսել, թէ այս ծրագիրը ողջունելի թեկնածուներ ունի` թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ ի Սփիւռք, եւ լաւատես ենք անոր շարունակելիութիւնը ապահովելու իմաստով:

 

***

Այժմ տիկին Սոնա Եագուպեանը պատրասատւում է գրել յուշագրութիւն` ՀԲԸՄի ՙՀայ Կին՚ կազմակերպութեան մասին, ուր աւելի լայնածաւալ կը լուսաբանուեն այն աշխատանքները, որոնք կատարուել են տարիների ընթացքում: Դա կարող է ուղեցոյց լինել երիտասարդ սերնդին եւ սերմանել նրանց մէջ ծառայելու յատկութիւնը, մանաւանդ` հայրենիք Հայաստանին:

 

Կարինէ Տէր Գէորգեան

«Պայքար»