Ներկայ էինք ՀԲԸՄ ՙՀայ Կին՚ կազմակերպութեան կողմից Հայաստանում ստեղծուած ՙՅղի կանանց կեդրոններ՚ի հիմնադրման 20-ամեակի նշման հանդիսութեանը:
Յուզիչ է ինքնին Հայաստանի յղի կանանց օգտակար լինելու գաղափարը, որն իր մէջ ընդգրկում է հայրենասիրութեան բազմիմաստ դրսեւորում: Այստեղ մեծ է դերը եւ տեսլականը նրա հիմնադիր, կազմակերպութեան ատենապետուհի Սոնա Եագուպեանի:
Սոնայի հետ ունեցել էինք համագործակցութիւններ ՙՀայ Կին՚ կազմակերպութեան որոշ աշխատանքներում, մեր զրոյցներում քըննարկել էինք առօրեայ հարցեր, ստացել էինք նրանից երաժշտական գրականութեան նուիրատուութիւններ, մենք մեզ ծանօթացրել էինք իրար: Ու ամէն անգամ կիսատ էր մնացել խօսակցութիւնը, եւ այսօր կարծես շարունակում ենք այն:
Այցելութիւնից առաջ, թերթատեցինք Սոնայի հօրը` բազմավաստակ մտաւորականին նուիրուած ՙՕննիկ Սարգիսեանի... Հետքերով՚ (կազմող` Լ. Սիւլահեան) հատորը: Շռայլ արժեւորումների մէջ իւրայատուկ էր Օննիկ Սարգիսեանի գործելաոճին տրուած հետեւեալ բնութագիրը` ՙներքին մղումի մը հզօր ճնշումով՚ (Մ. Արսլանեան, էջ 553):
Այն փոխանցուել իր դուստր Սոնային` ներքին մղումով զգալ գործի կարեւորութինը:
- Ի՞նչ կը պատմէք որպէս գործունեայ կին կազմաւորուելու ձեր ընթացքի եւ որպէս արդիւնք` ՙՀայ կին՚ կազմակերպութեան եւ ՙՅղի կանանց կենտրոն՚ների ստեղծման մասին:
- Շատ փոքր տարիքէս նշմարած եմ, թէ կիները միշտ երկրորդական դիրքի վրայ գտնուած են, մանաւանդ որ աշխարհի չորս կողմերէն յաճախ մեր տուն կու գային հիւրեր` գրողներ, նկարիչներ, երաժիշտներ, ազգային գործիչներ: Ուշադրութիւն կ՛ընէի, որ իրենց կիները խելոք-խելոք կը նստէին: Կը մտածէի. ՙՏարօրինակ է, այս կիները ըսելիք մը չունի՞ն, կարծես դայեակ մը` իրենց ամուսիններուն, կը հետեւէին եւ կ՛ուրախանային, երբ իրենց ամուսինը գովուէր՚: Ու մէջս կը խմորուէր գաղափար մը որպէս կին` ներդրում ունենալ կեանքի մէջ:
Արդէն ամուսնացած էի: 90-ական թուականներուն 4 տարի անընդմէջ Վահէին հետ կը մեկնէինք Հայաստան, եւ ան` իր հետ սրտի փականներ (valve) տանելով, սրտի կամաւոր գործողութիւններ կ՛ընէր Համլէտ Թամազեանի ղեկավարած Միքայէլեան ինստիտուտ-հիւանդանոցին մէջ: Անոր կինը` Անժելան, որ կանանց մասնագէտ բժշկուհի էր, զիս տարաւ Երեւանի գլխաւոր հիւանդանոցներէն մէկու մը կանանց բաժանմունքը այցելութեան: Բնաւ չեմ մոռնար յղի կիներուն վիճակը` սնունդի պակաս, վարակներ, հոգեկան ընկճուածութիւն, խղճալի պատկեր մը: Կնոջ համար ասիկա կեանքի ամէնէն կարեւոր շրջանն է, բայց եւ այնպէս երեւոյթը տխուր էր: Վերադարձիս Լոս Անճելըս, անհրաժեշտ համարեցի ձեռք մեկնելու, եւ ՙՀայ Կին՚ի վարչութեան համաձայնութեամբ 2002ին բացուեցաւ առաջին ՙՅղի կանանց կեդրոն՚ը Գիւմրիի մէջ: Իսկ այսօր արդէն ունինք 7 կեդրոններ Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ, նաեւ ութերորդը Ստեփանակերտի մէջ, որ կը վայելէ Արտակ Բեգլարեանի մասնաւոր ուշադրութիւնը:
- Ինչպիսի՞ ծառայութիւններ էք մատուցում այս կեդրոնների միջոցով:
- Յղի կանանց ծառայութիւններու այս կեդրոնները ստեղծուած են աւելի հասարակութեան զարգացման ընդհանուր օրինաչափութիւններու (սոցիոլոգիական) սկզբունքներու հիման վրայ, որ կ՛ընդգրկէ կնոջ կեանքի շատ մը ոլորտները` սնունդ, առողջական վիճակ, ինչպէս խնամել մայրը եւ նորածինը: Յետոյ կ՛աւելնան ընտանիքի անդամներուն միջեւ յարաբերութիւններու կանոնաւորումը, մայրերու իրենց իրաւունքներուն տիրանալը: Իւրաքանչիւր կեդրոն ունի իր բժիշկը, բուժքոյրը, կառավարիչը: Որեւէ պարագայի, ծրագիրի մասնակիցներու պահանջքով, անոնք կրնան հանդիպում ունենալ մասնագէտներու հետ, ինչպէս` բժիշկ, մարզանքի ուսուցիչ, սննդաբան, հոգեբան, փաստաբան: Վարչական պատասխանատուները գրեթէ ամբողջութեամբ Երեւանի պետական համալսարանէն շրջանաւարտներ են: Իսկ այս բոլոր կառոյցը կը վայելէ ընդհանուր հսկողութիւնը արժանաւոր մասնագէտ, սոցիոլոգ Լիւդմիլա Յարութիւնեանի, մշեցի, որուն հետ մեր բարեկամութիւնը սկսած է 1994էն ի վեր:
- Ինչպէ՞ս էք ապահովում ձեր աշխատանքներին անհրաժեշտ նիւթական աջակցութիւնները:
- Նախ եւ առաջ պէտք է ըսել, որ մեր ծրագիրը վստահութիւն շահած է, քանի որ յատկացուած դրամը հասած է իր շիտակ տեղը (4 տարբեր տեղեր ստուգումներէ անցնելէ ետք): Բնաւ չենք դիմած մեծահարուստներու: Ինքնաբաւ անհատներ ցանկութիւն յայտնած են օգտակար ըլլալու մեր կեդրոններուն իրենց կրցածին չափով` ըլլայ կեդրոնը հիմնելու իրենց անունով, ըլլայ տարեկան օժանդակութիւններով: Այս ձեւով ստեղծուեցաւ նոր խաւ մը, դասակարգ մը, ընդհանրապէս կանայք, որ բաւարարուած զգացին, երբ իրենց ներդրած լուման լուծեց հարցեր: Կիները դարձան նուիրատուներ: Բացի նիւթականէն, այստեղէն կը ղրկենք դեղորայք, համակարգիչներ, հագուստեղէն, խաղալիքներ եւ զանազան այլ անհրաժեշտ առարկաներ:
- Ունէ՞ք ներգրաւուածութիւն այլ հասարակական աշխատանքներում:
- Ի զուր չէին իմ ցանկութիւնները` որպէս կին ներդրում ունենալ մեր կեանքին մէջ: Կ՛ուզեմ անդրադառնալ յատկապէս Լոս Անճելըսի իմ գործունէութեանը. եղած եմ ՀԲԸՄ Տիկնանց միութեան անդամ, ապա կազմած եմ միութեան ՙՀայ Կին՚ վարչութիւնը: Երկար տարիներ նախագահած եմ տեղւոյս Հայկական բժշկական միութեան Կանանց բաժինը, միեւնոյն ժամանակ մաս կազմած եմ Ամերիկեան բժշկական միութեան Կանանց բաժինին (4րդ շրջանի) եւ նաեւ վարած եմ ատենապետութեան պաշտօնը: Քաղաքական հետապնդումներու հետաքրքրութիւններով տարուած` անդամակցած եմ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային կոնգրեսի (NCWA) նախապատրաստական աշխատանքներուն 206էն սկսեալ, որ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ 2011ին, Սեւրի Մխիթարեան միաբանութեան կեդրոնէն ներս, ուր ընտրուեցայ կոնգրէսի 3 փոխնախագահներէն մին, մինչ օրս: Պէտք է ըսել, որ բաւականին աշխատանքներ տարաւ այս կազմակերպութիւնը, մինչեւ իսկ Տաւութօղլիին հետ տեսակցութեան ժամադրութիւն ունենալով: 2015ի մեր ժողովին մասնակցեցան Քիւրտիստանէն մարդիկ` ներողութիւն խնդրելով մեզմէ, թէ իրենք այդ ամէն վայրագութիւնները մեր հանդէպ կատարած են թուրքերու ցուցմունքներով:
- Լինելով ուղղախօս, որ միութենական աշխատանքների ընթացքում կարող է խոչընդոտներ առաջացնել, ինչպէ՞ս կարողացաք այդ սկզբունքով գործել:
- Եթէ ուղղախօսութիւնս վնաս պիտի հասցնէ գործին, պէտք է լռել: Սակայն ընդհանրապէս կ՛արտայայտուիմ` ՙօշականեան հայերէնովս՚ (կը պարտիմ մելգոնեանցի ծնողներուս կրթութեանը), թերութիւնները մէջտեղ կը բերեմ: Մայրս մեծ դեր ունէր իմ` կանանց իրաւունքները պաշտպանողի հանգամանքը ունենալուս:
- Որպէս կին, ունէք լրիւ ընտանեկան կազմ` բժիշկ ամուսին եւ բարձրագոյն կրթութեամբ 3 զաւակներ: Ինչպէ՞ս էք ՙղեկավարում՚ այս ոլորտը:
- Ինծի համար առաջին կարգին կու գայ ընտանիքին հանգիստը ապահովելը, իսկ իմ անձնական հետաքրքրութիւնները գործի վերածելը կը կատարուի աւելորդ ճիգով եւ ջանքով: 1992էն ի վեր, մինչեւ օրս, կը վարեմ ամուսնուս բժշկական գրասենեակի բոլոր թղթային գործերը: Իսկ անոր պատասխանատու մասնագիտութեան` սրտի վիրաբոյժ ըլլալու հանգամանքը միշտ զիս զգօն պահած է. իւրաքանչիւր վիրահատութեան ընթացքին միտքի թելերով կապուած կ՛ըլլայի անոր հետ, մինչեւ բարեյաջող աւարտը: Զաւակներս` Ստեփանը եւ Շահանը դարձեալ բժիշկներ են, իսկ դուստրս Թալինը` փաստաբանուհի: Ամուսնացած են, կան թոռնիկներ, ու այս մեծ խումբին կատարեալ հաճոյքով կը մատակարարեմ իմ պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ` խոհանոցիս յատուկ ճաշերը:
- 1950ականներին ձեր հայրը` Օննիկ Սարգիսեանը, լինելով ճանաչուած մտաւորական, ՙՇիրակ՚ ամսագրի երկարամեայ խմբագիր, եզակի դեր է խաղացել Սփիւռք-հայրենիք կապերի ընդլայնման եւ զարգացման մէջ: Ձեր գործունէութեամբ, հաւատալով հայի կապին մայր հողի հետ, կարելի՞ է այս ծրագիրը ինչ որ տեղ ձեր մէջ բոյն դրած հայրենասիրութեան շարունակութիւնը համարել:
- Հօրս մահուընէ ետք պարտաւորւթիւն զգացի մասնակցիլ ազգային գործերու: Թէ՛ հայրս, թէ՛ ես, մենք մեզ չենք արժեւորած որպէս կարեւոր մարդիկ: Իմ աշխատանքները կ՛ընեմ, քանի որ կ՛ուզեմ ընել: Ես նոյնիսկ անհանգիստ կը զգամ ուշադրութիւնէ: Սակայն, օրինակ` 2013ին Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանէն, ՙՀայ Կին՚ի 20ամեակին առիթով անակնկալօրէն ստացայ ՙՆերսէս Շնորհալի՚ մետալ, թերեւս գնահատելու համար կատարուած աշխատանքները, որոնք պիտի շարունակուին, քանի կայ անոնց կարիքը: Կրնաք կոչել հայրենասիրութիւն կամ պարտաւորութիւն` հայու արիւն ունենալուս համար:
- ՀԲԸՄ ՙՀայ Կին՚ն ընդհանուր աջակցութիւն է ցուցաբերում կանանց` որպէս հայկական մշակութային ժառանգութեան կրողների հզօրացմանը: Կարո՞ղ ենք ասել, որ ձեր միութինը, ներգրաւած լինելով բաւականին երիտասարդ անդամուհիներ, հարթել է ճանապարհը, որպէսզի նրանք շարունակեն ձեր աշխատանքները:
- 21րդ դարու նոր սերունդը համալսարանական է, եւ պիտի չգոհանայ միայն տնային հոգերով եւ նոյնիսկ միայն իր մասնագիտական աշխատանքով: Հանրութեան ծառայելը իւրաքանչիւր հայ կնոջ պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ, եւ ահա մենք պատրաստած ենք ասպարէզ մը, որ շարունակելի է, եւ միշտ կրնայ նորանալ եւ զարգանալ: Կրնամ ըսել, թէ այս ծրագիրը ողջունելի թեկնածուներ ունի` թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ ի Սփիւռք, եւ լաւատես ենք անոր շարունակելիութիւնը ապահովելու իմաստով:
***
Այժմ տիկին Սոնա Եագուպեանը պատրասատւում է գրել յուշագրութիւն` ՀԲԸՄի ՙՀայ Կին՚ կազմակերպութեան մասին, ուր աւելի լայնածաւալ կը լուսաբանուեն այն աշխատանքները, որոնք կատարուել են տարիների ընթացքում: Դա կարող է ուղեցոյց լինել երիտասարդ սերնդին եւ սերմանել նրանց մէջ ծառայելու յատկութիւնը, մանաւանդ` հայրենիք Հայաստանին:
Կարինէ Տէր Գէորգեան
«Պայքար»