image

Հանիյայի որդին նոր մանրամասնութիւններ պատմած է հօրը ահաբեկման մասին

Հանիյայի որդին նոր մանրամասնութիւններ պատմած է հօրը ահաբեկման մասին

«Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի սպաննուած ղեկավար Իսմայիլ Հանիյայի աւագ որդին՝ Ապտ ալ Սալամ Հանիյա, պարզած է նոր տեղեկութիւն այն մասին, թէ ինչպէս հայրը սպաննուած է Թեհրանի մէջ, տեղեկացուցած է Mehr։

Տոհայի մէջ տուած հարցազրոյցին Ապտ ալ Սալամ հաստատած է, որ իր հայրը ենթարկուած է հրթիռակոծման, երբ հետեւած են անոր բջիջայինին։

«Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավարի որդիին խօսքով՝ կառավարուող հրթիռը հետեւած էր անոր բջիջայինին, որ ան գիշերը դրած էր իր սենեակ, գլխուն մօտ, եւ հրթիռը ուղիղ հարուածած է թիրախը։

Ան նաեւ հերքած է մինչ այդ որոշ լրատուական միջոցներու հրապարակած հաւաստիացումները նախապէս դրուած ռումբի մասին։

«Ես կը կարծեմ, որ պայթուցիկի առկայութեան մասին պատմութիւնը լիովին անհիմն է»,- ընդգծած է ան։

Իսմայիլ Հանիյայի որդիի խօսքով՝ սենեակին մէջ, որ գտնուած է իր սենեակէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ, անոր թիկնապահներն ու այլ խորհրդականներն էին, ուստի պարզ է, որ եթէ այնտեղ պայթուցիկ սարք ըլլար, ամբողջ շինութիւնը փուլ կու գար։

Ան ընդգծած է, որ հօր հեռախօսը զինք հեշտ թիրախ դարձուցած է։ «Իմ հայրը կը մասնակցէր պաշտօնական արարողութեան եւ բջիջային հեռախօս ունէր, ուստի գործողութիւնն այնքան ալ բարդ չէր»։ Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ այդ օրը Հանիյա մշտապէս զանգահարած է հեռախօսով եւ նոյնիսկ այն օգտագործած տեղի ժամանակով ժամը 22.15-ին, այն գիշեր, երբ սպաննուած է։

Կրտսեր Հանիյա նաեւ ընդգծած է, որ այդ կատարուած է «ամերիկեան աջակցութեամբ»։

Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի յայտարարութեան համաձայն՝ Իսմայիլ Հանիյա եւ անոր թիկնապահներէն մէկը զոհուած են Թեհրանի մէջ 31 յուլիսին, անոնց նստավայրի դէմ գրոհի հետեւանքով։

Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Իսմայիլ Հանիյայի սպաննութիւնը «ծրագրուած էր եւ իրականացուած է սիոնիստական ռեժիմի եւ աջակցուած է Ամերիկայի յանցաւոր կառավարութեան կողմէ»։