image

Հանիյայի սպանութեան հարց. Իրանէն ուղիղ մեղադրանք՝ Միացեալ Նահանգներուն

Հանիյայի սպանութեան հարց. Իրանէն ուղիղ մեղադրանք՝ Միացեալ Նահանգներուն

Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ խմբաւորման քաղաքական պիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյան սպաննուած է իսրայէլեան բանակի մօտ 7 քկ քաշով մարտագլխիկով փոքր հեռահարութեան արկի կրակոցէն: Այդ մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատը:

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատը մեղադրած է Միացեալ Նահանգները՝ Հանիյայի սպաննութեան աջակցելու համար եւ խոստացած վրէժ լուծել:

«Հանիյայի արիւնը թափելու պատասխանը պիտի ըլլայ խիստ պատիժը, որ վրայ պիտի հասնի համապատասխան կերպով յարմար վայրի մէջ եւ ժամանակամիջոցի»,- յայտարարած է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատը:

Նշենք, որ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը 31 յուլիսին յայտնած էր Հանիյայի մահուան մասին Թեհրանի անոր բնակութեան վայրին վրայ յարձակման ժամանակ, ուր ան ժամանած էր Իրանի նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու: ՀԱՄԱՍ յայտարարած է, որ սպաննութեան պատասխանատուութիւնը կը կրեն Իսրայէլ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ խոստանալով, որ այդ յարձակումն անպատասխան չի մնար։