Զիատ Ասի Ռահպանի։
Անուն մը, որուն կողքէն կարելի չէ անցնիլ անտարբերութեամբ, ոչ ալ՝ մակերեսայնութեամբ, այլ՝ խոր գիտակցութեամբ, զգաստ լրջութեամբ, անմիջական հասկացողութեամբ եւ ամենայն անկեղծութեամբ։
Զիատը երեւոյթ մըն էր, իր չնաշխարհիկութեամբ, անզուգականութեամբ, անփոխարինելիութեամբ, անկրկնելիութեամբ ու բազմատաղանդութեամբ, հանճարի հասնելու մրցանշութեամբ։
Լիբանանը հանրածանօթ է, աշխարհաճանաչ, իր արուեստագէտներու խայտաբէտ երանգներով, արուեստի բազմաթիւ ոլորտներէն ներս, ունենալով ականաւոր դէմքեր, որոնք պատիւ ու փառք կը բերեն, ոչ միայն իրենց հայրենիքին, այլեւ արաբական աշխարհին ու նոյնիսկ՝ աշխարհին։
Այս լայնածիր ու հոգեցունց ովկիանոսին մէջ, անտարակոյս, Զիատը կ’առանձնանայ, իր բնածին ու բնատուր ԱՐՈՒԵՍՏԱԽԱՌՆ դերակատարումներով, ներկայացումներով, կատարումներով եւ երեւումներով, գրաւելով մասնայատուկ եւ ինքնադրոշմ տեղ մը արուեստի ախարհին մէջ, իր բազմագոյն ու բազմահարուստ տարբերակներով։
***
Զիատը, կարկինի ամենայն արժեչափով, հսկայածնունդ արուեստագէտ մըն էր. դերասան, բեմադրիչ, երաժիշտ, դաշնակահար, երգիծաբան, շարժանկարի ու բեմահարթակի գործիչ, ստեղծագործող, գրառութիւններու հեղինակ, բայց, ամենէն աւելի կը նշանաւորուէր իր ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԳԻԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔՆԵՐՈՎ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄՆԵՐՈՎ ու ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծումներով։
Հոս, կ’ուզեմ առանձնացնել Զիատ-քաղաքական երգիծաբանը, որ իր անհատականութեամբ, ինքնութեամբ, հեղինակութեամբ ու հզօրութեամբ, իւրայատուկ մեծութիւն մըն էր, որուն ունեցած այս յատկութիւնը, թերեւս, այնքան ալ ծանօթ չէր շատ-շատերուն, իր զաւեշտական, այժմէական, գրաւչական, կենդանական ու քաղաքական երեսներով ու ծալքերով։
Զիատը, իր նկարագիրով ու բնաւորութեամբ, մտայնութեամբ ու տրամաբանութեամբ, ճիշդ է, շատ բարեսիրտ էր, համեստ, ընկերային, մարդամօտ ու զուարճախօս, բայց, միշտ իրեն յատուկ լրջութեամբ ու խոհեմութեամբ, առանց վիրաւորելու ոչ ոքի, այնքան ատեն որ ան կը «ճանչնար» դիմացինը կամ զրուցակիցը, այլապէս՝ իր խորաթափանցիկութեամբ, կը դառնար խիստ, զուսպ ու լռակեաց։
Անձնապէս, իմ ծանօթութիւնս Զիատին հետ եղած է քանի մը «պատահական» առիթներով, հանրայայտ Համրայի սրճարաններէն մէկուն մէջ (ես ալ հոն ապրելով), ուր թռուցիկ խօսակցութիւններ ունեցած էինք ու մեծապէս տպաւորուած էի այդ նիհարակազմ, տժգոյն, բայց, կենսուրախ, խելամիտ, աչալուրջ ու խորապէս գաղափարական դիտարկումներով երիտասարդին հետ, որ հայութեան նկատմամբ ունէր յատուկ սէր ու ջերմութիւն, իսկ Հայ Դատը, իրեն համար եւս անժամանցելիութիւն մըն էր, որ պէտք էր արժանանար իր գերագոյն արդարութեան։
Իմ հրաւէրս, առիթով մը այցելելու «Զարթօնք»ի խմբագրատուն, աւելի լայն ու մանրամասն զրոյց մը ունենալու, փափկանկատօրէն, շնորհակալութեամբ ընդունեց, սակայն, սպասելով աւելի բարենպաստ պայմաններու, Համրան նկատելով իր «մնայուն» բնակավայրը, ուր կացութիւնը, հոն թէ այլուր, անկայուն էր։
Յետագային, հակառակ որ՝ միշտ «քայլ» պահեցի Զիատի բոլոր գործունէութեանց ու շարժումներուն, սակայն, գլուխ-գլխի հանդիպում մը, զլացուեցաւ, կամքի անկախ զանազան պատճառներով եւ արգելքներով։
***
Զիատը կը խրտչէր, այլեւ՝ կ’ատէր ու կը զզուէր քաղաքական այն դաշտէն, որ իրեն համար, մեղմ ըսած, ապառողջ էր մթնոլորտը, իր համայնքայնութեամբ, քաղաքականութեամբ, մրցակցութեամբ, անհանդուրժողութեամբ, պատեհապաշտութեամբ եւ ոխակալութեամբ, որոնք եղած էին իր աշխարհահայեացքին, մտածելակերպին ու գործելաձեւին հիմնական ցայտուն ժխտական դրոյթները, որոնց դէմ պայքարեցաւ, միշտ զօրավիգ կանգնելով անկարին, գաղափարապաշտին, ուղղամիտին ու պարկեշտին, իր ազնուագոյն եւ օրինակագոյն վերաբերմունքներով։
Վստահաբար, Զիատին համար, իր որդեգրած ու կառչած գաղափարախօսութիւնը, միշտ ալ եղաւ ամուր, անփոխարինելի կամ անդաւաճանելի, նոյնիսկ երբ ոմանք հրաժարեցան իրենց սկզբունքներէն, ուր՝ ինք, սանթիմ մը իսկ չհեռացաւ իր ձախակողմեան ակունքներէն։
Թերեւս այս էր պատճառը, որ Զիատ երբեք չհանդուրժեց եկող-գացող իշխանութիւնները, քաղաքական զիկզակային բազմակերպութիւնները եւ, ընդհանրապէս, երկրին մէջ տիրող անիրաւութիւնները եւ անարդարութիւնները, որոնց նկատմամբ, առիթ չէր փախցներ, այս կամ այն եղանակով, քննադատելու ու պախարակելու, թիրախաւորելու ու քամելու։
Զիատը, հակառակ իր հարուստ ու բազմասեռ ստեղծագործական, գեղարուեստական թէ արուեստաբանական վիթխարի սխրագործութիւններուն, միշտ ալ, ինքզինք հեռու պահեց հասարակութեան խորթ ու կեղծ բեւեռներէն, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան ու սկզբունքներուն ծառայութեանց եւ անոնց միջոցով, իր ներաշխարհը մատուցանելով շրջապատին եւ, ինչու ոչ, նաեւ աշխարհին։
Այսօր ան լռակեաց մեկնեցաւ եւ… յանկարծ, ամէն ոք յշիեց, որ ՄԵ՜ԾՆ Զիատ մը կար եւ այսօր չկայ, եւ բոլորն ալ վազեցին սգալու անոր ցաւալի կորուստը, բացի, այն մոլորեալներէն, որոնք չէին հանդուրժեր իր սուր գրիչը, իր ուժգին մտրակը, իր ցաւցնող երգիծանքը եւ իր ազդու ոճը։
Մնաց որ՝ Զիատին բո՛ւն ելիցն եւ իսկակա՛ն պոռթկումը, ի սկզբանէ եղաւ ու մնաց, իր սիրեցեալ եւ անգին Լիբանանը, սակայն, ոչ ներկայի տարազանքով ու պատմուճանով, այլ՝ իր նորահիւս, նորակառոյց ու նորակերտ կերպարանքով, որուն անդադար ձգտած ու պաշտած էր ան։
***
Չենք գիտեր, թէ Զիատի ձեռնհասութեամբ ու նպատակասլացութեամբ, ԿԱՐԿԱՌՈՒՆՈՒԹԻՒՆ մը, կրնա՞յ Լիբանանն ու լիբանանցիները դուրս բերել իր անմիաբանութենէն ու խարխափումներէն։
(Պէյրութ)
Յ.Գ. Որքան փափաքելի ու գործադրելի պիտի ըլլար, որ Պէյրութի քաղաքապետարանը, յաւերժացնելու եւ ոգեկոչելու համար Զիատ Ռահպանիի յիշատակը, իր անունով փողոց մը կամ շրջան մը կոչէր, ուր՝ ապրեցաւ, գործեց, ստեղծագործեց, վայելեց, յանուն վաղուան Լիբանանի բարօրութեան, բարեկեցութեան ու բարեպաշտութեան, իսկ այդ մէկը, ըստ իս, կրնայ ըլլալ, իր սիրեցեալ Համրայի փողոցներէ մէկը կոչել. «ՀԱՄՐԱ-ԶԻԱՏ»։
Պարոյր Յ. Աղպաշեան