image

«...Համբուրեցի անոր ձեռքը».Նազարէթ Ճէրէճեանի գրառումը

 «...Համբուրեցի անոր ձեռքը».Նազարէթ Ճէրէճեանի գրառումը

 Լիբանանահայ կրթական մշակ, մտաւորական եւ ազգային  գործիչ  Նազարէթ Ճէրէճեան կը շարունակէ   համայնքի  նուիրական անուններուն հանդէպ հիացում պատճառող իր  նախաձեռնութիւնը։ Ան հերթական   այցերով  կը հանգրուանէ  գաղութին մէջ նուիրական   հետքեր  թողած  գործիչներուն ու այդ այցերուն մասին  կը գրէ  թովիչ   տողեր. 

 Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք   Տիար Ճէրէճեանի վերջին այցին մանրամասնութիւնները։

 

 Մեր հայրենակիցը մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

 

ՏԻԿԻՆ ԵՐԱՆՈՒՀԻ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ-ԱԲԳԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

10 Մայիս։ «Սահականի Օր»։

Այս յիշատակելի օրուան առիթով սրտի եւ խղճի պարտք սեպեցի այցելութիւն մը կատարել Սահակեան Գոլէճի ամենատարեց պաշտօնակիցներէս` տիկին Երանուհի Գույումճեան-Աբգարեանին եւ անոր անձին ընդմէջէն յիշատակած ըլլալ այդ «Օրը»։ 

Նախ վերադարձ մը դէպի անցեալ` թէ ինչպէ՞ս ծնունդ առած է Մայիս 10-ի «Սահակեանի Օր»-ը։ 

«Երեւանի մէջ, 1961 թուականի Մայիս 10-ին, 50-ի մօտ Սահակեանցիներ հաւաքուած են Վարուժան Պօղոսեանին (այժմ ողբացեալ) բնակարանը եւ որոշած են Մայիս 10-ը Սահակեանի Օր հռչակել եւ թելադրել որ սփիւռքի չորս ծագերը գտնուող սահակեանցիները հաւաքուին եւ յիշեն Մայր Վարժարանը»*։

Այս աւանդոյթը երկա՜ր տարիներ շարունակուած է։ Յետագային` ողբացեալ տնօրէն` պարոն Պէպօ Սիմոնեանի օրերուն հանդիսութիւններ եւ անկրկնելի «Քէրմես»ներ կը կազմակերպուէր։

Այս հետաքրքրական եղելութենէն անցած են 62 տարիներ։ Շա՜տ բան փոխուած, անյայտացած կամ մոռցուած է։ Նոյնիսկ Գոլէճին 100 տարիքն անգամ յիշող չկայ։ 

Սրտի ու խղճի թելադրանքով մուտք գործեցի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի վաստակաշատ ուսուցչուհիներէն, Ամերիկեան Համալսարանէն Դեղագործական վկայականի արժանացած եւ 1977 թուականէն մինչեւ 2004-ը Սահակեանի մէջ Բնագիտութիւն, Տարրաբանութիւն ու Կենսաբանութիւն դասաւանդած տիկին Երանուհի Աբգարեանի բնակարանը։ Իր դստեր` տիկին Թալին Աբգարեան-Գասապեանի հոգատարութեամբ, մտքով ու մարմնով համեմատաբար հանգիստ երեւցող 88-ամեայ բազմաւաստակ ուսուցչուհիին հետ մեր կարճատեւ հանդիպումը առիթ մը եղաւ վերյիշել դրուագներ Սահակեան Գոլէճին անցեալի կրթական յիշատակներէն, աշակերտներէն, ուսուցիչներէն։ 

Բաժանումէն առաջ, առողջութեան սրտագին մաղթանքներուս զուգահեռ` աշխարհասփիւռ սահակեանցիներուն կողմէ 2023-ի «Սահակեանի Օրուան» համեստ մեծարանքը եզրափակեցի համբուրելով այն ձեռքը որ մօտ 30 տարի կանաչ պատին վրայ ճերմակով կրթական սնունդ եւ դաստիարակութիւն փոխանցած էր հարիւրաւոր աշակերտներու։

«Մայիս 10, Սահակեանի Օր»ն էր։

(* «Ուսանող Նուիրուած Սահակեան Լիսէի 40-Ամեակին, 1923 - 1963, էջ 100)։