21-23 Յունուարին Օքսֆորտի համալսարանի մէջ տեղի կ’ունենայ իր տեսակին մէջ եզակի հաւաք մը` «Արեւմտահայերէնը` 21-րդ դարուն» խորագրով: Համաժողով-հաւաքը, իր ընտրած ձեւաչափի եւ նիւթերու քննարկման առումով կը միտի տարբերուիլ աւանդական գիտաժողովներէն: «Արեւելք» հարցազրոյց մը ունեցաւ հաւաքի կազմակերպիչ եւ Օքսֆորտի համալսարանի դասախօս Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ: Տեղին է նշել, որ յառաջիկայ Յունուարին կայանալիք այս համաժողովը կազմակերպուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի հայկական բաժանմունք»ի նախաձեռնութեամբ:
- Պարոն Չիլինկիրեան, ի՞նչ նկատառումներով նախաձեռնուեցաւ նման հաւաք մը:
-Ինչպէս վերջին տարիներուն բոլորիս ծանօթ է՝ Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցին հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրներն կան, ու լուծումներու որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ է։ 21-րդ դարու պարտադրուած ու կամայ թէ ակամայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւններն ու հանգամանքները ազդեցութիւն ունին նաեւ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Լեզուն դասաւանդելն ու խօսիլը անհրաժեշտ են, բայց ասկէ անդին արեւմտահայերէնի ապագան պայմանաւորուած է արեւմտահայախօս մշակոյթի կենսունակութեամբ, որ կը պահանջէ՝ ուրիշ գործօններու առընթեր, արեւմտահայերէնով մտածող, ստեղծող, գրող, հրատարակող փաղանգ մը:
Այս հաւաքին մենք պիտի փորձենք ճշդել, թէ որո՞նք են Արեւմտահայերէնի հիմնական խնդիրները, այսինքն մասնակից 25-30 հոգիները ի՞նչ կարծիքի են եւ որքանո՞վ համաձայն են բնորոշուած խնդիրներուն ու անոնց առաջնահերթութեանց, եւ այլն: Այս հաւաքը կամ համաժողովը «աւանդական» գիտաժողով մը պիտի չըլլայ, այլ միտքերու, կարծիքներու, փորձառութիւններու, մասնագիտական տեղեկութիւններու փոխանակում եւ դասաւորում:
Հաւաքը մեթոտաբանական կամ թէքնիք խնդիրներու մասին չէ, այլ ներկայ հայ իրականութեան մէջ առկայ մշակութային, «քաղաքական», ընկերային խնդիրներուն ու անոնց լեզուին վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն մասին: Եւ ճիշտ ասոր համար է, որ կազմակերպուածը գիտաժողով մը չէ այլ աշխատանքային կամ գործնական հաւաքոյթ մը, որուն աւարտին կը յուսամ, որ պիտի կարենանք առնուազն թուարկել հիմնական խնդիրներն ու անոնց հաւանական լուծումները:
-Որո՞նք են մասնակիցները:
-Մասնակիցները զանազան երկիրներէն պիտի գան՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Հայաստան ապրող Արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ: Պիտի ունենաք թէ' աւագ սերունդի եւ թէ' երիտասարդ սերունդի մասնակիցներ:
-Իսկ կազմակերպուելով աշխարհի նշանաւոր համալսարաններուն մէկուն մէջ, ի՞նչ լեզուով պիտի ընթանայ հաւաքը:
-Բոլոր նիստերը արեւմտահայերէնով պիտի ըլլան այն տրամաբանութեամբ որ հաւաքը արեւմտահայերէնով «մտածելու», «գրելու», «ստեղծագործելու».... հարցերու մասին է: Կը կարծեմ, թէ սա առաջին անգամն է, որ Օքսֆորտի նման համբաւաւոր Արեւմտեան համալսարանի մը մէջ լրիւ իմաստով արեւմտահայերէնը պիտի օգտագործուի ոչ թէ միայն որպէս ուսումնասիրութեանց «առարկայ», այլ որպէս հիմնական ատենախօսութեան լեզուն: