image

Պոլսոյ մէջ.Ոգեկոչուած է բանաստեղծ՝ Եդուարդ Սիմքէշեանը

  Պոլսոյ մէջ.Ոգեկոչուած է բանաստեղծ՝ Եդուարդ Սիմքէշեանը

Պոլսոյ  «Մեծ կղզի»ին մէջ օրերս ոգեկոչուած է պոլսահայ   բանաստեղծ՝ Եդուարդ Սիմքէշեանը։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։

 

 Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը։

Շաբաթ գիշեր, Մեծ կղզիի Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուեցաւ գրականութեան գիշեր մը։ Տիկին Էլիզապէթ Թեմինեան, որ թոռնուհին է բանաստեղծ Եդուարդ Սիմքէշեանի եւ գրական գրչանունով՝ Սահակ Մեսրոպի, եկեղեցւոյ թաղականներէն Եասմին Ռոստոմեան այս միջոցառման նախաձեռնարկներն էին։ «Գրականութեան գիշեր»ը ձօնուած էր Եդուարդ Սիմքէշեանին ու Սահակ Մեսրոպի յիշատակին։

Բացման խօսքը արտասանեց Տիկին Եասմին Եաղլեան-Ռոստոմեան, ուրախութիւն յայտնելով որ ձեռնարկը կը կայանար Ս. Աստուածածնի տօնի շաբթուան ծիրէն ներս։ Յոյս յայտնեց որ Աստուածածնի տօնի շաբաթը յառաջիկայ տարիներուն կը վերածուի փառատօնի ու զանազան ծրագիրներով իրարու կը մօտեցնէ մշակութասէրները։ Տիկին Ռոստոմեան դիտել տուաւ որ այս միջոցառումը կը պարտին Մեծ կղզեցի Տիկին Էլիզապէթ Թեմինեանին։ Խօսքերու աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Աբելօղլու Անթոն վագըֆին, որ մշտապէս կ'աջակցի այսպիսի ձեռնարկներու, նաեւ Մեծ Կղզիի քաղաքապետական խորհուրդին ու պր. Յովսէփ Էօզաճարին։

Յայտագրի ընթացքին Էլիզապէթ Թեմինեան նախ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով, յետոյ երկու բանաստեղծութիւն արտասանեց իր մեծհայրերու ստեղծագործութիւններէն։ 

Սիրուած երգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու նուագակցութեամբ քանոնահար Սեւան Ինեափանի ու դաշնակահար Սիրուն Սիրունեանի, հրամցուց հայկական երգերու փունջ մը։

Օրուան բանախօսն էր «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական բաժնի խմբագիր, հրապարակախօս Բագրատ Էսթուքեան, որ խօսեցաւ Եդուարդ Սիմքէշեանի ու Սահակ Մեսրոպի ապրած ժամանակաշրջանի պոլսահայ գրական միջավայրի մասին, յիշեցուց որ յետեղեռնեան այդ շրջանի գրականութիւնը ստիպուած էր մնալ սահմանափակ նիւթերու մէջ։ Ըսաւ որ այդ ժամանակին արդէն կը ծաղկէր նաեւ մեզի ծանօթ Շիկահերներէ, Զահրատէ, Հատտէճեանէ, Խրախունիէ, Կոմիկեանէ, հետզհետէ Իգնա Սարըասլանէ բաղկացող բանաստեղծ-գրագէտներու հոյլ մը եւս։ Խօսեցաւ անոնց գրականութեան մասին եւ յետոյ անդրադարձաւ երախտիքի գիտակցութեան, ընդգծելով որ Տիկին Էլիզապէթի միջոցաւ երախտիքի պարտք մը մատուցինք մեր գրականութեան մեծերու հանդէպ։

Գեղարուեստական յայտագրի ոգեւորիչ պահերէն մէկն ալ անկրկնելի Տիկին Սիլվա Կոմիկեանի ելոյթն էր եւ այն հոյակապ ասմունքը, որ արժանացաւ երկար ծափերու։