image

Լոս Անճըլըսի մէջ. Հրանդ Տինքի յիշատակին ձեռնարկ. Խօսած է պոլսահայ հրատարակիչ՝ Եդուարդ Թովմասեանը

 Լոս Անճըլըսի մէջ. Հրանդ Տինքի յիշատակին ձեռնարկ. Խօսած է պոլսահայ հրատարակիչ՝ Եդուարդ Թովմասեանը

Կազմակերպութեամբ Լոս Անճըլըսի մէջ գործող ՝ «Պոլսահայոց միութեան» օրերս տեղի ունեցած է նահատակ Հրանդ Տինքը ոգեկոչող յիշատակի ձեռնարկ մը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Պոլսահայոց միութեան» աշխոյժ անդամներէն՝ Տիար Կարպիս Սարաֆեանէն։

 

 Ձեռնարկի ընթացքին խօսքով հանդէս եկած են միութեան պատասխանատու անձնաւորութիւններ, իսկ օրուայ խորհուրդը (հեռավար կապով) փոխանցած է Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատան հիմնադիրներէն՝ Եդուարդ Թովմասեանը։

 Նշենք, որ այս տարի իր լրումին հասած է Պոլսոյ մէջ կարեւորագոյն գործունէութիւն ծաւալող՝ «Արաս» հրատարակչատան հիմնադրման 30-ամեակը, որուն հիմնադրման առընթեր տարբեր անուններու կողքին կեդրոնական դեր ստանձնած էր տարաբախտ՝ Հրանդ Տինքը։

 Եդուարդ Թովմասեան իր խօսքին ընթացքին (խօսքի ամբողջութիւնը կարող էք դիտել՝ կցեալ տեսանիւթով) կարեւորեց «Արաս»ի դերը նշելով նաեւ, որ իրենց համար այդ հիմնարկի հիմնումէն ի վեր առաջնային նպատակ եղած է մեր ժողովուրդի պատմութիւնը եւ անոր կրած տառապանքները ի մասնաւորի թրքերէն լեզուով նըերկայացնել Թուրքիոյ ընթերցող հասարակութեան։

Ան կարեւորեց թարգմանական աշխատանքը նշելով, որ «մեր եկեղեցին թարգմանութիւնը «սուրբ» աշխատանք մը նկատած է, իսկ թարգմանիչները՝ սուրբեր»։

Թովմասեան իր խօսքին մէջ կարեւորեց Հրանդ Տինքի թողած աւանդը, անոր սպանութիւնը համարելով մեծ ոճիր մը, որ մինչեւ օրս իր արդարութեանը կը սպասէ։

Ան նաեւ ըսաւ, որ իրենք մինչեւ այս պահը, Հրանդի սպաննութիւնէն տարի անց տակաւին կը սպասեն արդարդութեան յաւելելով, որ «մենք մեծ յոյսեր ունինք, եւ առանց յոյսի չենք կարող ապրիլ»։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Լոս Անճըլըսի մէջ գործող «Պոլսահայերու միութիւնը» երկար տարիներու գործունէութիւն ծաւալած է եւ ամէնամեայ կերպով կը յիշատակէ Հրանդ Տինքի յիշատակն ու անոր թողած աւանդը։ 

Տասնեակ անդամներ ունեցող միութեան վարչութիւնը կը գլխարէ Պոլսահայ հանրայայտ գործիչ՝ Տօքթ. Յովհաննէս Կուլաքը, Տիար Կարպիս Սարաֆեանը, վերջերս իր մահկանացուն կնքած իրաւաբան՝ Էտվին Մինասեանը եւ այլ անուններ։ 

 

Նշենք, որ միջոցառման  աւարտին  Միութեան որոշումով   Եդուարդ  Թովմասեանին  շնորհուած է     Հրանդ Տինքի  անուան «Ազատութիւն եւ արդարութիւն»  շքնանշանը։