image

Հալէպ.Լազար Նաճարեան Վարժարանը Կը Պատրաստուի Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտին

Հալէպ.Լազար  Նաճարեան Վարժարանը  Կը Պատրաստուի     Կրթական  Տարեշրջանի  Վերամուտին

Սուրիա-  Հալէպի   ՀԲԸՄ  «Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարան»ը կը պատրաստուի 2015-2016  դպրոցական   տարեշրջանի վերամուտին: Այս մասին  տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրներէն: Նշենք, որ   վարժարանը կը գտնուի Հալէպի Ազիզիյէ  շրջանին  մէջ, որ    համեմատաբար աւելի խաղաղ  շրջան կը համարուի: Մեր  աղբիւրը   նաեւ յայտնեց, որ հակառակ տիրող        «խաղաղ»  իրավիճակին  այդ շրջանը եւս կը համարուի    ահաբեկիչ զինեալներու  կրակի  թիրախ այն  իմաստով, որ  այդ շրջանի ծայրամասերուն ինկող  հրթիռներու      բեկորներ կրնան  մինչեւ դպրոց հասնիլ:  Մեր աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ  դպրոցի     անցեալ տարուան  ընդհանուր թիւը եղած է  594  եւ  մինչեւ այս պահը    յայտնի չէ     դպրոց յաճախող   աշակերտներուն թիւը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ   դպրոցը   պիտի կառավարուի  100 պաշտօնեաներով  (ուսուցիչ եւ  պաշտօնեայ)  մինչ անցեալ  տարուան տուելաներով  պաշտօնեաներուն  ընդհանուր թիւը եղած է՝    165: «Արեւելք»    յառաջիկայ  օրերուն  պիտի շարունակէ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցել    Հալէպի հայկական վարժարաններուն մասին: