image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Նորոգ հանգուցեալ Տէր Հօր «Տան կարգ»ը

  Հալէպ. Նորոգ հանգուցեալ Տէր Հօր «Տան կարգ»ը

Հալէպի մէջ կատարուած է նորոգ հանգուցեալ, գաղութի սիրուած քահանայ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Աւ. Քահանայի «Տան կարգ»ի արարողութիւնը։ 

 Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Բերիոյ Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Կիրակի, 9 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նորոգ վախճանեալ եկեղեցւոյ ծառայ, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս երկար տարիներու Քահանայ Հայր, հոգելոյս Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեանի տան կարգը կատարուեցաւ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ։

Հոգելոյս Քահանայ Հօր վերջին օծման եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։