image

Հալէպ. Երեք համայնքապետերու հանդիպում

   Հալէպ. Երեք համայնքապետերու հանդիպում

  Երեք Համայնքապետները, գործակցութեան ոգիով, աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, խնդրելով, որ Ամենակալը խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ բարօրութիւն պարգեւէ սուրիական հայրենիքին։

 

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հիւրընկալութեամբ, Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2026-ին, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, հերթական հանդիպում ունեցան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճէն ներս:

Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանուր իրավիճակին, Հայ Ծերանոցին, յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ տօնական օրերուն առնչուող նիւթերու։ 

Համայնքապետները, գործակցութեան ոգիով, աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, խնդրելով, որ Ամենակալը խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ բարօրութիւն պարգեւէ սուրիական հայրենիքին։