Օրերս, Հալէպի լատին համայնքի Մար Ֆրանսիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է նորոգ վախճանեալ կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ՝ Ֆրանչիսկոս Պապի հոգւոյն նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։
Այս բոլորի մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ լրատւութիւնը՝
Ուրբաթ, 25 Ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նորոգ վախճանեալ կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապի հոգւոյն նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, լատին համայնքի Մար Ֆրանսիս եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։
Սրբազան Հայրը, անձնապէս եւ Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ յայտնեց Լատին Համայնքի Առաջնորդին եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ համայնքապետ եղբայրներուն։