image

Հակառակ դժուարին օրերուն յոյսը տակաւին չէ մեռած.Սեւան Աբէլեան

Հակառակ դժուարին օրերուն յոյսը տակաւին չէ մեռած.Սեւան Աբէլեան

«Արեւելքի» հարցումներուն կը պատասխանէ Այնճարէն ուսուցչուհի Սեւան Աբէլեանը.


-Այնճարի հայութիւնը ի՞նչ մթնոլորտի մէջ կը պատրաստուի դիմաւորել տօնական օրերը:

Արդէն իսկ բոլորին ծանօթ է որ երրորդ  ամիսը ըլլալով Լիբանանի մէջ  բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին: Անշուշտ, Այնճարն ալ որպէս Լիբանանի մէկ մասնիկը, ունի նոյն հարցերը։ Երբ մարմնիդ մէկ անդամը ցաւի ամբողջ մարմնիդ վրայ կ՛ազդէ: Նոյնն է նաեւ իրավիճակը Այնճարի համար ալ: Չնայած որ Այնճարի մէջ ցոյցեր տեղի չեն ունենար:Նոր տարուայ կարգ մը գործունէութիւններ ջնջուած են երկրին մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով, սակայն յոյսով ենք որ 2020 տարին աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Սակայն այս բոլորը չեն նշանակեր որ Տէր Յիսուսի ծնունդը կամ Ամանորը  պիտի չտօնենք: Վստահ որ ամէն մարդ գոնէ համեստ ձեւով պիտի տօնէ երկու տօներն ալ:

Կիրակի՝ 22 դեկտեմբերին, Այնճարի կենսոլորտի յանձնախումբը կազմակերպած էր հաւաք մը Պօղոս Ղուկասեանին պարտէզին մէջ  օդը պայծառ էր բայց ցուրտ, սակայն ժողովուրդի ներկայութիւնը գնահատելի։Այս յանձնախումբի աշխատանքը սկսաւ ամրան ընթացքին, երբ ուր անդամները  նպատակ դրին ժողովուրդին վարժեցնել որպէսզի գործածեն ապակիէ գաւաթ կամ պնակ եւ ձերբազատուին կերպընկալէ գաւաթներու ու պնակներու գործածութենէն: Օդը պայծառ էր սակայն ցուրտ բայց ներկայ էին գիւղի ժողովուրդէն մաս մը:

Տարիներու աւանդութիւն դարձած է նոր տարուայ գիշերը ժամը 12:30ին հաւաքուիլ գիւղի հրապարակը եւ ներկաներ իրարու նոր տարին շնորհաւորեն: Իսկ 5 Յունուարի գիշերը Աւետարանական եւ Առաքելական համայնքի երիտասարդաց խումբերը տունէ-տուն  երթալով կ՛աւետեն Տէր Յիսուսի ծնունդը: Արդէն իսկ խումբերը պատրաստութեան մէջ են:

 

-Մասնաւորապէս ձեր դպրոցի պարագային, ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ եւ ի՞նչ կատարեցիք, որպէսզի տօներու շունչը զգացուի:


Այնճարի Հայ Աւետարանական դպրոցի պարագային մենք ալ մօտաւորապէս 15 օրեր դպրոցը  փակ   պահեցինք,  սակայն  աւելի ուշ սկսանք բնական  կերպով շարունակել եւ «կորսուած» օրերուն տեղ շաբաթ օրերը շարունակել դասաւանութիւնը:

Արդէն իսկ դպրոցէն ներս ունեցանք մեր ամանօրեայ յատուկ դարձած յայտագիրները: Կաղանդ պապուկը այցելեց մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններ, բերելով իրենց ուրախութիւն: Այստեղ կ՛արժէ յիշել թէ կիրակնօրեայ դպրոցը կիրակի 15 դեկտեմբերի առաւօտեան եկեղեցւոյ պաշտամունքի ընթացքին ներկայացուց  Սուրբ Ծննդեան  խորհուրդն ունեցող  թատերակ մը եւ փունջ մը ծնունդի հոգեւոր երգեր, ապա  տեղի ունեցաւ   տօնական  հաւաքոյթ: Որքան ալ դժուար ըլլայ երկրին վիճակը իւրաքանչիւր Լիբանանցի մանուկ ըլլայ ան հայ եւ կամ տեղացի պէտք չէ զրկուի իր պատանեկան ուրախութենէն:

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանը ունի իր գիշերօթիկի բաժինը (միակ հայկական դպրոցն է սփիւռքի մէջ որ ունի գիշերօթիկ աշակերտներ): Այս աշակերտները իրենց արձակուրդներուն տուն կ՛երթան, թէեւ երբեմն իրենց ընտանեկան պայմանները դժուար վիճակի մէջ են: Դպրոցէն եւ գիշերօթիկէն ներս մեր կարելին կ՛ընենք  բոլոր մանուկները ուրախ պահելու համար։

 

 

Այսօր Այնճարի  մէջ, ի՞նչ են գլխաւոր դժուարութիւնները:


Այնճարի ժողովուրդին մեծ մասը կը զբաղի հողագործութեամբ եւ արհեստաւորներ են: Սակայն՝ ներկայ պայմաններուն Լիբանանի տնտեսութիւնը դժուարութեան մէջ է, եւ այս մէկը կ՛ազդէ ժողովուրդին առօրեայ կեանքին վրայ։ Երբ հողագործը չի կրնար իր բերքը ծախել նեղութիւն կ՛ունենայ իր ապրուստը հոգալու եւ յաջորդ տարուան համար դժուար կ՛ըլլայ ցանքը կազմակերպելը։: Երբեմն այս մէկը պատճառ կը դառնայ որպէսզի ընտանիքներ եւ երիտասարդներ քաղաք փոխադրուին եւ հոն որեւէ գործ ճարեն՛ որպէսզի իրենց ապրուստը հոգան:  Գիւղը որպէսզի զօրաւոր մնայ պէտք է աւելի գործի կարելիութիւններ ստեղծուին։

Կեանքը անիւ մըն է եւ մարդիկ իրար կապուած են որպէսզի կարենան գոյատեւել:

 

-Որոշ ժամանակ առաջ բողոքի ցոյցերու հետ կապուած լաւատեսութիւնը կա՞յ տակաւին կամ անցած է:


Բողոքի ցոյցերը այսօր 3-րդ ամիսը սկսան արդէն: Այս հարցերը մէկ օրուայ մէջ չպատահեցան այլ տարիներու վրայ կուտակուած  հարցեր էին: Եւ յանկարծ ժողովուրդը պոռթկաց: Լիբանան յաճախ պատերազմներ տեսած երկիր  մըն եւ յոյսով ենք որ այսօրուան  դժուարութիւններն  ալ պիտի վերջանան: Սակայն ժամանակի կը կարօտի: Շատեր լաւատես են եւ յոյսով են որ այս դժուար օրերէն վերջ լաւ օրեր պիտի ունենանք: Բայց կան մարդիկ որոնք յոռետես են իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին գոհանալ չեն գիտեր միշտ պատրաստ են գանգատելու: Այս տեսակ անձերը իրենք իրենց կեանքէն գոհ չեն եւ միշտ ժխտական կը մօտենան բոլոր հարցերուն եւ բոլորին մտքերը կը խանգարեն: Կը խորհին որ ուրիշ երկիրներ աւելի դիւրին է կեանքը:

 

-Ձեր կարծիքով ի՞նչ զարգացումներ կը սպասուին  Լիբանանի մէջ  եւ այսօր  ի՞նչ է ամենէն մտահոգիչ երեւոյթը։


Ինչ որ խօսակցութիւններ կան շատեր կ՛ըսեն որ այս դժուար օրերէն վերջ Լիբանան շատ լաւ պիտի ըլլայ: Գիտեմ որ ներկայիս շատեր շատ դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրին, սակայն երբ չես յուսահատիր եւ գիտես որ Աստուած բոլոր նեղութիւններուդ մէջ քեզի կ՛օգնէ անպայման դուրս կու գաս քու դժուար պայմաններէդ: Լիբանանի մէջ այս ցոյցերը երկար տարիներու «լռելու» եւ «այո» ըսելու արդիւնք են։ Վստահ ենք որ մէկ օրուան մէջ պիտի չշտկուի մարդիկ պէտք է ըլլան համբերող, եւ յոյս ունենան:

Երիտասարդները արթնցան որ կեանքի պայմանները տարբեր են եւ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է երկրին շահը առաջնակարգ նկատէ որպէսզի երկիրը   դարձեալ ոտքի կանգնի։

Հակառակ տիրող մթնոլորտին տակաւին զբօսաշրջիկներ կու գան Այնճարի բերդը այցելելու:  Ինչ որ տեղ մը յոյս ալ կը ներշնչէ ժողովուրդին:

 

-Լիբանանահայութիւնը ապագայ ունի՞ այդ երկրին մէջ:


Լիբանանահայութիւնը պէտք չէ մոռնայ,  որ երբ մեր մեծ հայրերը եւ մայրերը 1915ի աղէտէն վերջ Լիբանան եկան տեղացի ժողովուրդը հակառակ իր դժուարութեան օգնեց անոնց, հակառակ որ երկիրը ինքն ալ պատերազմի մէջ կը գտնուէր եւ սիրով ընդունեցին  մեր  նախահայրերուն։ Ներկայիս, երբ  Լիբանան ինք ալ դժուարութիւններ ունի մենք ալ իբր լիբանանահայեր պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք մեր այս հայրենիքին եւ  նեղութեան պատճառով  չգաղթենք օտար ափեր: Որպէս լիբանանահայ պէտք է համբերենք եւ սորվինք որ սեւ ամպերէն վերջ պայծառ արեւը պիտի ծագի: Երբ մեր ընկերը կամ հայրենիքը նեղութեան մէջ է մեր լաւագոյնը ընենք օգտակար դառնալու անոր։

Ներկայիս՝ ամբողջ աշխարհը նեղութեան մէջ է եւ դժուարութիւնները անպակաս են: Եթէ ամէն անգամ որ երկիր մը կ՛ապրինք եւ դժուարութիւններ պիտի ունենանք ձգենք այդ երկիրը եւ երթանք ուրիշ տեղ մը ո՞ւր մնաց մեր հաւատարմութիւնը: