image

Հակամարտութիւնը կրնայ կարգաւորուիլ միայն Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու ուղիղ երկխօսութեամբ. Զելենսքի

Հակամարտութիւնը կրնայ կարգաւորուիլ միայն Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու ուղիղ երկխօսութեամբ. Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին կը կարծէ, որ իր երկրին մէջ առկայ հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ միայն Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ուղիղ երկխօսութեան միջոցով: 

«Հարցը այն չէ, թէ ես ինչ կրնամ ընել: Որեւէ երկխօսութեան ժամանակ իմ նպատակս է դադրեցնել պատերազմը Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ», ըսած է Զելենսքին` պատասխանելով այն հարցին, թէ պատրա՞ստ է արդեօք ճանչնալու Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն անկախութիւնը, իսկ Ղրիմը՝ որպէս Ռուսաստանի տարածք:

«Պատերազմը դադրեցնելու համար ես պատրաստ եմ որոշակի քայլերու, պատրաստ եմ բանակցելու, պատրաստ եմ փոխզիջումներու: Բայց անոնք չեն կրնար դաւաճանութիւն ըլլալ իմ ժողովուրդին նկատմամբ: Միւս կողմը եւս պէտք է պատրաստ ըլլայ փոխզիջումներու», ըսած է ան:

«Սա միակ ճանապարհն է, որով մենք կրնանք դուրս գալ այս իրավիճակէն: Մանրամասներուն մասին խօսիլը դեռ շատ դժուար եւ շուտ է: Նախագահներուն միջեւ դեռ շփում չէ եղած, եւ մենք կրնանք դադրեցնել այս պատերազմը միայն երկու նախագահներուն միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու միջոցով», ըսած է Զելենսքին: