image

Հադրութի Սպիտակ Խաչ եկեղեցին՝ կրկին ատրպէյճանական քաղաքականութեան թիրախ

Հադրութի Սպիտակ Խաչ եկեղեցին՝ կրկին ատրպէյճանական քաղաքականութեան թիրախ

Ատրպէյճանական Ազերթաջ լրատուականը հրապարակած է յօդուած, ուր Հադրութի Սպիտակ Խաչ եկեղեցին անգամ մը եւս ներկայացուած է , որպէս ատրպէյճանական։

«Ատրպէյճանական յուշարձաններէն մէկը, որ հայերը փորձած են սեփականացնել բռնագրաւման ժամանակաշրջանին եւ որպէս հայկական ժառանգութեան օրինակ ներկայացուցած, Հադրութի Սպիտակ Խաչ եկեղեցին է»,- Պատմամշակութային Ժառանգութեան Գիտահետազօտական Կեդրոնի փոխանցումով  նշուած է նիւթին մէջ։

Յօդուածին մէջ խօսուած է այն մասին, որ Ղարաբաղ գտնուող Սպիտակ Խաչ եկեղեցին, որ իբրեւ թէ ատրպէյճանական ժողովուրդի նիւթական, մշակութային, պատմական ժառանգութեան նմոյշ է, ժամանակին այստեղ գոյութիւն ունեցող վանքի գլխաւոր եկեղեցին է։ Թէեւ կառուցման թուականը անյայտ է, սակայն տարածքի շարք մը արձանագրութիւններ կը հաստատեն, որ այս եկեղեցին գործած է 9-րդ դարուն։

Ատրպէյճանցի փրոֆեսորներէն մէկը՝ Մահապպաթ Փաշաեւա պնդած է, որ ոչ միայն Սպիտակ Խաչ եկեղեցիի տարածքին, այլ ընդհանրապէս Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի տարածքներուն կան ալպանական ժառանգութեան նիւթական եւ մշակութային յուշարձաններ։