Հրանդ Տինք հիմնարկը օրերս հրապարակած է «Գընալը կղզի. Կը խօսին տեղի հայերը» հատորը։
Այս մասին իմացանք Պոլսէն։
Գիրքին մէջ, ի լրումն հարցազրոյցներու, որոնք պահպանուած են իրենց խօսակցական ձեւով եւ վերակազմաւորուած` ժամանակագրական ամբողջականութիւն ձեւաւորելու համար, ներառուած են նաեւ Նարօտ Աւճըի ներածական խօսքը Գընալյիի պատմութեան մասին եւ Ռուտի Սայաթ Փօլատեանի ընդհանուր ակնարկը այս ուսումնասիրութեան եւ հարցազրոյցներուն վերաբերեալ:
Գընալը կղզին աւելի քան մէկ դար Թուրքիոյ հայ համայնքի ամենանախընտրելի ամառնային հանգստավայրերէն մին կը համարուի : Կղզիին մէջ հայերու բնակեցումը սկսած է 19-րդ դարու սկիզբէն, իսկ այնտեղ առաջին կրթական ու պաշտամունքային կառոյցներուն պատմութիւնը՝ նոյն դարու կէսերէն: Կղզիին մէջ, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը երկար տարիներ կազմուած եղած է հայերէ եւ յոյներէ, ժողովրդագրական լուրջ փոփոխութեան ենթարկուած 1964-ին Յունաստանի քաղաքացիներու՝ երկրէն վտարուելէն ետք, ապա բնակչութեան կտրուկ աճով, որ կապուած էր կղզիի յոյն բնակիչներու լքուած սեփականութիւններուն վրայ նոր շէնքերու կառուցումով՝ 70-ականներուն։
Այս գիրքը, ինչպէս «Լռութեան ձայնը» շարքին միւս գիրքերը, պատրաստուած է` նպատակ ունենալով լսելի ու տեսանելի դարձնել Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ արմատներ ունեցող եւ Թուրքիոյ մէջ կամ այլուր բնակող հայերու պատմութիւնները: Այս ուսումնասիրութեան ծիրէն ներս իրականացած բանաւոր պատմութեան հարցազրոյցները լոյս կը սփռեն այս մշակոյթի տարբեր դրսեւորումներու վրայ՝ անցյալին եւ ներկայիս, կը մատնանշեն կղզիի կարեւորութիւնը հայ համայնքի համար եւ յատկապէս այն փոխակերպումը, որ ան կրած է վերջին յիսուն տարուան ընթացքին։