image

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն նոր նախաձեռնութիւն. «Յոյսի սերմեր»ը Այնճարի մէջ (Լուսանկարներ)

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն նոր նախաձեռնութիւն. «Յոյսի սերմեր»ը Այնճարի մէջ (Լուսանկարներ)

Նորարարական ծրագիր մը իրականութիւն դարձնելու գաղափարով «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը ընթացք տուած է «Յոյսի սերմեր» անունով ծրագրի մը, որուն իրականացման դաշտագետինը Լիբանանի Այնճար  հայաւանն է 

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի դիմատետրեան էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝ «Յոյսի սերմեր»ը բազմագիտակարգային ծրագիր մըն է, որ կը կամրջէ արեւմտահայերէնի եւ գիւղատնտեսութեան ուսուցումը:

Բնութեան հետ մարդուն կապը թարմացնելու եւ աւելի կայուն ապագայ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնէն բխած՝ «Յոյսի սերմեր» ուսումնական ծրագիրը եզակի, նորարար եւ ամբողջական նոր ծրագիր մըն է, որ ուսուցիչներն ու սորվողները կը զինէ գիւղատնտեսութեան հմտութիւններով: Այս կենսական ոլորտը կը վերադառնայ դպրոցական ծրագիր՝ այս անգամ արեւմտահայերէնով: Այս ներգործուն նախագիծին նպատակն է տեսականէն գործնականի անցնիլ եւ առ այժմ շաբթական մէկ գործնական «դասաժամ» ներառել հանրակրթական ծրագրի բոլոր փուլերուն համար՝ արեւմտահայերէնը դարձնելով նոր կեանք ստեղծելու լեզու մը: 

Այս նախագիծը բուսաբանութեան եւ գիւղատնտեսութեան տարբեր գիտելիքներ կը փոխանցէ եւ համապատասխան հմտութիւններ կը զարգացնէ: Ծառատունկի, պարարտանիւթի մշակման եւ բերքահաւաքի մեթոտներու ծանօթանալէն ետք, սորվողները կ'ուղղուին դպրոցի ջերմոց եւ իրենց դասարանին յատկացուած տարածքին մէջ գործնական աշխատանքի կ'անցնին: Այս ընթացքը գիւղատնտեսութեան եւ շրջակայ միջավայրի մասին անոնց ծանօթութիւնը եւ տեղեկացուածութիւնը կը զարգացնէ, անոնց հողին կապուածութիւնը կ'ամրապնդէ, եւ ընդհանուր պատասխանատուութեան զգացումն ու գիտելիքի իւրացումը կը խթանէ: Ան նաեւ դասարանային գիտելիքներու եւ կեանքի փորձի միջեւ եղած բացը կը նուազեցնէ:

Սնունդի անվտանգութեան մասին աճող մտահոգութիւններու դարաշրջանին՝ այս նախագիծը նաեւ կը լուծէ բանջարեղէնի եւ խոտաբոյսերու տնկումի եւ աճեցումի կարիքները՝ միաժամանակ նուազեցնելով թափօններու արտադրութիւնը, եւ քաջալերելով վերաօգտագործումը, վերամշակումը եւ պարարտանիւթի ստեղծումը՝ ի շահ շրջակայ միջավայրին: