image

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը. Կարեւոր նեցուկ Զ. Մուքահալ հիմնարկէն

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը. Կարեւոր նեցուկ Զ.  Մուքահալ հիմնարկէն

Զ. Մուքահալ հիմնարկութեան կողմէ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ հաստատուած «RAFIQ» կրթական աջակցութեան ծրագիրի շրջանակին մէջ 2022-2023 տարեշրջանին կրթանպաստ պիտի յատկացուի Մեսրոպեան վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու 300 աշակերտներու։ Այս մասին յայտարարեց ծրագիրի հիմնադիր եւ հովանաւոր պարոն Ուիսամ Մուքահալ։ Ան յայտնեց, որ կրթական աջակցութեան ծրագիրը անուանած է «RAFIQ» (Ընկեր)` առ ի յարգանք եւ երախտագիտութիւն իր մեծ բարեկամ պարոն Վարուժ Ներկիզեանի՝ ըլլալով ներշնչողը աշակերտներուն օգնութեան այս ծրագիրին։ Պարոն Ներկիզեան ինք տարիներէ ի վեր կը հանդիսանայ Մեսրոպեան վարժարանի գլխաւոր բարերարներէն մէկը՝ կրթանպաստներու եւ վարժարանի զարգացման ծրագիրներու հովանաւորութեան ճամբով։

Զ. Մուքահալ հիմնարկութեան «RAFIQ» ծրագիրը Մեսրոպեան վարժարանին մէջ կը գործէ 2016 թուականէն․ անցեալ տարի ծրագիրին շնորհիւ կրթանպաստ ստացան 250 աշակերտներ։

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը իր աշակերտներուն հետ միասին խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ պարոն Ուիսամ Մուքահալ այնքան անհրաժեշտ այս օգնութեան համար: Տնօրէնութիւնը կը հաստատէ, որ այս աջակցութիւնը պիտի օգնէ Մեսրոպեանին հետամուտ մնալու իր կրթական առաքելութեան ներկայ դժուարին ժամանակներուն եւ շարունակելու առաջարկել լաւագոյն ծառայութիւնները կրթութեան մէջ:

 

Տնօրէութիւն

Հայ կաթողիէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի