Գանատահայ (Բնիկ Մուսալեռցի) համայնքային գործիչ, արուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեան կը գրէ՝
Գոհաբանական Օրուան (Thanksgiving)-ի արմատները կ՚երկարին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատմութեան առաջին տարիներուն, երբ 1621-ին փիլկրիմ գաղթականները Պլիմութի մէջ (այժմ՝ Մասաչուսեթս նահանգ) միասին տօնեցին գոհաբանական օրը բնիկ ցեղախումբին հետ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով առատ բերքին եւ բարեկամութեան համար։
Տարիներ անց՝ 1863-ին, նախագահ Աբրահամ Լինքըն հռչակեց նոյեմբերի չորրորդ հինգշաբթին իբրեւ ազգային տօն՝ միասնութեան եւ գոհաբանութեան օր։
Գանատայի մէջ Գոհաբանական Օրը դարձաւ տարածուած ու սովորական տօնակատարութիւն մը 1870-ական թուականներուն։
1957-ին Գոհաբանութեան Օրը պաշտօնապէս հռչակուեցաւ որպէս տարեկան տօն, որ կը նշուի հոկտեմբեր ամսու երկրորդ երկուշաբթի օրը։
Ան օրինական պետական արձակուրդ մըն է բոլոր նահանգներուն եւ տարածքներուն մէջ՝ բացառութեամբ Փրինս Էտուարտ կղզիին, Նիւ Պրունզուիքին եւ Նովա Սքոշիայի։
Այսօր Գոհաբանական Օրը սիրով կը նշուի նաեւ հայկական համայնքներուն մէջ՝ պահպանելով իր բովանդակալից բերքահաւաքի եւ գոհաբանութեան խորհուրդը։ Այս տօնին առիթով՝ հաւատացեալներ իրենց հաւաքած առատ բերքին պտուղները՝ իբրեւ գոհաբանական ընծայ, կը նուիրեն եկեղեցւոյ խորանին (այս մէկը յատկանշական է ծննդավայրիս՝ Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքուած Աստուածընծայ բերքը կը տրամադրուի Հայկական Կուրանոցին)՝ ի նշան երախտագիտութեան Աստուծոյ բաշխած օրհնութիւններուն եւ առատ բերքին համար։
Իսկ ընտանեկան օճախներուն մէջ՝ սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուած ընտանիքի անդամները կը բաժնեն օրհնութիւնը, կը գոհանան եւ գոհաբանական խօսքերով կը բարձրացնեն իրենց շնորհակալութիւնը Աստուծոյ հանդէպ։
Գոհաբանական այս բարեբաստիկ տօնին առիթով եւ միշտ՝ մեր Տէր Աստուածը առատապէս թող օրհնէ Քրիստոսի ակունքէն փխած բերքահաւաքի եւ գոհաբանութեան այս տօնը, որով Գոհաբանութեան օրը խորապէս առնչուած է բերքահաւաքի բարիքներուն։
Ան օր մըն է, երբ ժողովուրդը շնորհակալութեամբ կը խոնարհի առ Աստուած՝ տարուան մը ընթացքին իրեն շնորհուած առատ բերքին, հողին պտղաբերութեան եւ աշխատանքի պարգեւին համար։
Բերքահաւաքը ոչ միայն բնութեան արգասիքը նշելու առիթ մըն է, այլ նաեւ հոգեւոր հաւաք՝ ուր ընտանիքն ու ժողովուրդը կը միանան գոհութեան եւ օրհնութեան աղօթքով։
Այս առիթով՝ Ժիւլիէթն ու ես սրտանց կը շնորհաւորենք ձեր Գոհաբանական Տօնը։ Ի խորոց սրտի իւրաքանչիւրիդ կը մաղթենք քաջառողջութիւն, ապահով կեանք եւ ձեր նպատակներու ու ծրագրերու իրականացման մէջ՝ առողջութիւն պսակուած յաջողութիւններով։ Թող Հայոց Աստուածը յաւերժի ճամբայ շնորհէ համայն հայութեան, մեր հայրենիքին եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։
Բարի Գոհաբանութեան Օր
Ջերմ զգացումներով՝
Յակոբ եւ Ժիւլիէթ Ճանպազեան
Թորոնթօ, 2025